" Սեպտեմբեր 5-ին ամէնամեայ սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Պսակաձեւ ժահրին պատճառով սահմանափակ պիտի ըլլայ մասնակիցներուն թիւը: Իսկ պատարագի ընթացքին՝ ժամը 9-էն 12, եկեղեցին փակ կ'ըլլայ այցելուներուն համար: Նշենք, որ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութիւնները վերսկսան 2010-ին՝ 95 տարուան ընդմիջումէ ետք: Եկեղեցին կառուցած է Մանուէլ ճարտարապետը 915 – 921 թուականներուն միջեւ՝ Վասպուրականի թագաւորութեան Գագիկ Ա. Արծրունի թագաւորի հովանաւորութեան ներքոյ: 1915-ի Մեծ եղեռնէն ետք եկեղեցին լքուած է: Անոր վերանորոգումը սկսած է 2005-ին եւ երկու տարի ետք բացուած որպէս թանգարան: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալ «1Lurer.am» կայքէջին մէջ՝ " 1Lurer.am