"ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը: Փաշինեան շնորհաւորեց դեսպանը Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային օրուան առթիւ՝ նշելով, որ 19-րդ դարուն տեղի ունեցած դէպքերը կարեւոր էին ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ ամբողջ մարդկութեան համար, որովհետեւ համաշխարհային նոր յարաբերութիւն մը ձեւաւորուեցաւ Ֆրանսայի յեղափոխութենէն ետք: Լաքոթ յայտնեց, թէ գործուն աշխատանք կը տարուի՝ նախագահ Մաքրոնի՝ Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպելու համար, որ ուժեղ հիմք պիտի ստեղծէ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման եւ պիտի նպաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագիրներու իրագործման: Դեսպանը շեշտեց, որ ֆրանսական կողմը հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ ուժանիւթի, բարձր արհեստագիտութիւններու, արդիւնաբերութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացումով: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ի յօդուածին յղումը՝ "
https://en.armradio.am/2021/07/14/president-of-france-emmanuel-macron-to-visit-armenia/