Եթէ Անժելա Մերկել 2015-ին իր այցելութեան համար Պոլիսը ընտրեր` խուսափելու համար Նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի Անքարայի հակասական ցուցամոլ պալատէն, ապա ան հիասթափուած կ'ըլլար այլընտրանքէն: Անոր հանդիպումի նկարներէն այստեղ կ'երեւի, թէ ինչպես երկու առաջնորդները նստած են շքեղ, ոսկեզօծ աթոռներու վրայ՝ ոսկիով շրջապատուած: Այս ամենը, երբ անոնք կը քննարկէին յուսահատ փախստականներու վիճակը: Ընկերային ցանցերու մեկնաբանութիւնները խիտ եւ արագ ստացուեցան. Եւրոպայի թագուհին եւ Թուրքիոյ սուլթանը իրենց գահին: Գերմանիոյ դիւանապետի ցաւոտ ժպիտը շատ բան կ'ըսէ: Սակայն տիկին Մերկելի կանգառը նախընտրական նուեր մ'ըն էր Էրտողանի: Ան գովեց Թուրքիոյ երկու միլիոն սուրիացի փախստականներ ընդունիլը: Փոխարէնը, Թուրքիայէն կ'ակնկալուէր, որ աւելի արդիւնաւէտ իրականացներ Եւրոպայի սահմանները, բարելաւէր հայրենիք փախստականներու պայմանները եւ սահմանափակումներ սահմաներ որոշ քաղաքացիներու՝ իրենց Թուրքիայ մուտքի ազատութեան վրայ:
Յօդուածը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ «bbc.com» կայքէն bbc.com.