Մայիս 20-ին, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր ՀՀ-եան մէջ գտնուող վարկաւոր օտար զինուորական կցորդներուն այցելութիւնը դէպի Սիւնիքի մարզ, որպէսզի ուսումնասիրեն Սիւնիքի վիճակը ազերիական զինծառայողներուն ներխուժումէն ետք: Զինուած ուժերու ստորաբաժանման հրամանատարութեան ներկայացուցիչները ռազմական կցորդներուն ներկայացուցին մայիս 12-էն ետք ստեղծուած իրավիճակը, զարգացումները, հայկական կողմի գործողութիւնները եւ հարցերու պատասխանները: Հրամանատարութեան ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ, զինուորական կցորդները այցելեցին Սեւ Լիճի տարածքը եւ արձանագրեցին ազերի զինծառայողներուն ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածին մէջ: Անոնք նաեւ դիտեցին հայ-ազերիական ուժերու սփռումը տարածքին մէջ:
https://en.armradio.am/2021/05/21/military-attaches-accredited-to-armenia-visit-syunik/