Արցախի նոր գիւղ մը պիտի ընդունի տեղահանուածները:

new-artsakh

"Անձնական ընկերութիւն մը կը ֆինանսաւորէ Արցախի Ասկերան շրջանին մէջ նոր գիւղի կառուցման, անցեալ տարուայ պատերազմին տեղահանուած հայերուն տեղավորելու համար: Աստղաշենի մօտը գտնուող գիւղի տուները պիտի տրամադրուին Սղնախի բնակիչներուն, որոնց գիւղը այժմ կը գտնուի Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Նոր տուներ պիտի ստանան նաեւ Սղնախի մօտը գտնուող Ջրաղացներ, Մատաթաշեն եւ Մոշխմհաթ գիւղերու տեղահանուած բնակիչները: Նոր գիւղը պիտի ներառէ 210 բնակարան, որոնք պիտի ունենան երկուքէն-հինգ սենեակ: Գիւղը պիտի ունենայ համայնքային կեդրոն մը, դարմանատուն մը եւ ոստիկանութեան բաժանմունք մը: Մանկապարտեզ կամ դպրոց չի նախատեսուիր: Բնակիչները պիտի օգտուին դրացի Աստղաշեն գիւղի դպրոցէն ու մանկապարտեզէն: Գիւղին մէջ պիտի կառուցուի նաեւ գործակցական ջերմանոց մը: Գիւղը, որուն անունը տակաւին չէ որոշուած, կ'աւարտի մինչեւ 2022 թուական:"

https://hetq.am/en/article/133254

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *