"«Aurora» յանուն Արցախի ծրագիրը, որ ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամի մէջ գտնուող երեխաներուն եւ տարեցներուն օգնելու նպատակով, կը շարունակէ օժանդակել անոնց, որոնք կ'աջակցին եւ կը նպաստեն տարածաշրջանի երկարաժամկէտ սոցիալական զարգացմանը, յայտարարեց «IDeA» հիմնադրամը: Այս ծրագիրը սկիզբ առաւ 2020 թ. Արցախեան պատերազմէն ետք: Նախագիծերը հետեւեալն են. • Հայաստանէն եւ դուրսի երկիրներէն բժշկական մասնագէտներու ներառումը Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ (Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ): • Վիրաւոր զինուորներուն թեւթիկունք ըլլալու ծրագիր (կը համագործակցի «Ազնաւուր» հիմնադրամի եւ «Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորներուն» ՀԿ-ի հետ); • Տեղահանուած ընտանիքներու օգնութիւն հայթայթելու ծրագիր (համագործակցելով «Յանուն Արցախի» ազգային շարժում ՀԿ-ի հետ): • «WUSHU»-ի դասընթացքներու կազմակերպում Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրող երեխաներուն համար (համագործակցելով Արցախի «Wushu Kung Fu Federation»-ին հետ); • Արցախի երիտասարդներուն համար արուեստի սեմինար մը երկու լեզուով՝ ֆրանսերէն-հայերէն (համագործակցելով «Ֆրամարտ» մշակութային հիմնադրամի և Ֆրանս-հայկական միութեան հետ);"