" ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու կեդրոնը ստեղծած է նոր կայքէջ մը՝ «Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները» անունով: Կայքէջը փաստեր կը ներկայացնէ 2020-ի աշնան Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմէն առաջ եւ ետք Ազրպէյճանի իրականացուցած ռազմական յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ մշակութային յուշարձաններու ոչնչացման մասին: Եռալեզու կայքէջը ունի հետեւեալ բաժինները. - Ռազմագերիներ - Մշակութային ցեղասպանութիւն - Ատելութեան խօսք - Վարձկաններ (պատերազմին մէջ սուրիացի ահաբեկիչներու ներգրաւումը եւ Թուրքիոյ դերը) - Զեկոյցներ (միջազգային եւ տեղական) Կայքէջին մէջ ներկայացուած տեկեղութիւնները կը տարածուին անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով՝ «Թուիթըր»-ի, «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Թելեկրամ»-ի վրայ: Նիւթերը տակաւին մշակման փուլին մէջ են: Կայքէջը շարունակ պիտի թարմացուի: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ի յօդուածը՝ "