ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Flagship Pioneering» եւ «Moderna Therapeutics» ընկերութիւններու հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանը: Փաշինեան ըսած է, որ կ'ակնկալէ լսել Աֆէեանի տեսակէտներն ու կանխատեսումները, թէ ինչպիսի՛ն կ'ըլլայ պսակաձեւ ժահրի ապագայ պահուածքը, թէ պատուաստանիւթերու ի յայտ գալը որքանո՛վ կ'օգնէ լուծելու հարցը, թէ ժահրը ինչքանո՛վ կառավարելի փուլի մէջ է հիմա, եւ թէ որո՛նք են անկանխատեսելի մարտահրաւէրները: Աֆէեան, իր կարգին, շնորհաւորած է Փաշինեանը ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առթիւ՝ ողջունելով այն փաստը, որ երկիրը յաջողեցաւ ի գործ դնել արդար ու օրինակելի ընտրութիւններու աւանդոյթը: Բաց աստի, Փաշինեան եւ Աֆէեան քննարկած են համազգային օրակարգին, կառավարութեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: