30 տարի առաջ՝ 30 Ապրիլ 1991-ին, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սկսան «Գոլցո» (Օղակ) գործողութիւնը, որը իրաւացիօրրէն կարելի է անուանել իրենց պատմական հողերէն ժողովուրդներու տեղահանութեան ամենէն արիւնալի եւ անմարդկային գործողութիւններէն մէկը: Գործողութեան արդիւնքով, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով խաղաղ բնակչութեան դէմ թանկեր, մարտական ուղղաթիռներ եւ հրետանիներ գործածուեցան, աւերուեցան հիւսիսային Արցախի հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, ինչպէս Շահումեան, Յադրութ եւ Շուշի, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ արտաքսուեցան, հարիւրաւորներ սպաննուեցան եւ գերեվարուեցան: Անոնցմէ շատերու ճակատագիրը մինչեւ այսօր անյայտ կը մնայ: «Գոլցո» գործողութիւնը Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութիւնը դառցուց ռազմական տիրոյթի եւ հանգեցուց անոր Ազրպէյճանի Արցախի հանրապետութեան դէմ յետագայ լայնածաւալ նախայարձակումներուն, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Լուրը ամբողջիւթեամբ կարդալու համար տե՛ս Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի յօդուածը:
https://en.armradio.am/2021/04/30/operation-koltso-one-of-the-bloodiest-deportations-artsakh-mfa/