"Հայաստանի Հանրապետութեան երկաթուղիի ոլորտին մէջ մինչեւ 2024 թուականը շուրջ 39 միլիառ դրամի ներդրում կը նախատեսուի: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Բաւական երկար եւ մանրամասն քննարկում ունեցած ենք «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան հետ: Շատ ուրախ եմ արձանագրելու, որ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն, եւ կրնանք ակնկալել, որ իսկապէս մինչեւ 2024 թուական կ'ունենանք բոլորովին այլ որակի երկաթուղի»,– ըսաւ Փաշինեան: Վարչապետը նաեւ կարեւորեց օդային փոխադրամիջոցի ոլորտին մէջ փոփոխութիւնները: «Հայաստանի մէջ կը հիմնադրուի երկու տեղական օդընկերութիւն, ի հարկէ, օտարերկրեայ ներդրումով, ինչը ոչ թէ կը վատացնէ, այլ կը լաւացնէ գնահատականը: Այստեղ օդային փոխադրումներու ոլորտը օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւելու բաւական լաւ ներուժ կը ցուցաբերէ: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ բարձրացնել այս ներդրումային հետաքրքրութիւնը եւ կարենալ աջակցիլ, որ տեղի ունեցող ներդրումները արդիւնաւէտ ըլլան»,- եզրափակեց Փաշինեան: Ամբողջական լուրը՝ «Արմէնփրես»-ի վրայ՝ "