«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններ նախաձեռմելուն համար, երբ ան ներկայացնէ իր հրաժարականը, պիտի դառնայ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար», - եղաւ «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Արման Եղոյեան պատասխանը լրագրողի այն առարկութեան, որ օրէնքը թոյլ կու տայ փոխվարչապետին հրաժարական ներկայացնելու դեպքին դառնալ վարչապետի պաշտօնակատար թէ ոչ: Փաշինեան աւելի վաղ ըսած էր, որ հրաժարական պիտի տայ՝ խորհրդարանը լուծելու եւ անոր յաջորդող արտահերթ ընտրութիւնները կազմակերպելու համար: Ան ըսաւ, որ իր հրաժարականը պիտի տայ ապրիլի վերջին 10 օրուան ընթացքին: Եղոյեան ըսաւ, որ չի կրնար ըսել, թէ ճշկրիտ երբ այդ տեղի պիտի ունենայ: Արտահերթ ընտրութիւններու անցկացման համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի լուծում, ինչը իր հերթին կրնայ տեղի ունենալ, երբ օրենսդիր մարմինը երկու անգամ ձախողի վարչապետ մը ընտրել: