Նախագահ Արմեն Սարգիսեան հրաժարեցաւ ստորագրելու երկու օրինագիծեր՝ նշելով «սահմանադրութեան հետ ակնյայտ հակասութիւնները»: Անոր մամուլի գրասենեակը երկուշաբթի օր հաղորդեց, որ Սարգիսեան Սահմանադրական դատարան պիտի դիմէ, օրինագիծի սահմանադրականութիւնը որոշելու համար: Նշենք, որ օրենսդրութեամբ կը նախատեսուէր աւելցնել առաջին ատեանի, ընդհանուր իրավասութեան եւ վերաքննիչ քրէական դատարաններու դատաւորներու թիւը: Ըստ փոփոխութիւններուն, դատական համակարգի դատաւորներու թիւը պիտի աւելնայ 17-ով, անոնցմէ առնուազն 8-ը Երեւանէն: Փոփոխութիւններով ստեղծուեցաւ նաեւ դատաւորներու հիմնարկը, որ կը դիտարկէ միայն նախաքննութեան նկատմամբ վերահսկողութեան հետ կապուած գործերը, նեռարեալ կալանքի հետ կապուած գործերը` որպէս խափանման միջոց, կալանքի օրինականութիւնը հաստատող:
Աւելին կրնաք կարդալ «Panorama.am»-էն:
Source: https://www.panorama.am/…/President-Sarkissian…/2457987