Հայաստանի իշխանութիւնները Սուրիայի երկու գերեվարուած քաղաքացիներու մասնակցութեամբ քրէական գործի հետաքննութիւնը աւարտեցին, որոնք 2020-ի Արցախեան պատերազմին կռուեցան որպէս վարձկաններ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողքին: Ըստ քննութեան կոմիտէին, հաւաքուած են ապացոյցներ, որոնք կը հիմնաւորեն այն փաստը, որ Մուհրապ Մուհամմատ ալ-Շխէր եւ Եուսէֆ Ալապըթ ալ-Հաճի, Սեպտեմբեր 27 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին կը կռվէին ազրպէյճանական զինուժի համար որպէս վարձկաններ: Վարձկանները նպատակ ունէին սպաննել Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան` նպատակ ունենալով զանոնք ահաբեկել եւ ոչ կայուն դարցնել Հայաստանի եւ Արցախի ներքին իրավիճակը: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տե՛ս «ArmenPress»-ի յօդուածի ստորեւ նշուած հղումը: