"«Էլզայմըր խնամք Հայաստան» կազմակերպութիւնը «Էքսփըր Թեքնոլոճիզ» ընկերութեան հետ գործակցաբար կ'ուսումնասիրէ Հայաստանի խնամատուներէն ներս տարեցներու կեանքը բարելաւող ռոպոթը գործարկելու ծրագիրը: Ինքնավար օգնականը, որ կը կոչուի «Ռոպին ռոպոթը», կարողութիւնը ունի գնահատելու Նորքի տուն-կացարանը գտնուող տարեցներուն ճանաչողա-հոգեբանական կարիքները: «Սոյն ծրագիրը ցոյց տուած է, որ բուժագիտական նորարար միջոցներու օգտագործումը արդիւնաւէտ է՝ ջղահամակարգի այլասերման հիւանդութիւններէ տառապող տարեցներու կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւն յառաջ բերելու տեսակէտէն: Ռոպին ռոպոթին մարդկային «նկարագիրն» ու ինքնարտայայտուելու կարողութիւնը ողջունած են ուսումնասիրութեան բոլոր մասնակիցները: Ուրախ եմ, որ ընկճախտն ու անհանգստութիւնը վերացած են, եւ տեւական բարելաւում կը նկատուի իմացական կարողութեան մէջ՝ ուսումնասիրութեան թաւալումին հետ»,– ըսած է ծերաբոյժ Մահակեան, որ, ի դէպ, հիմնադիրն է «Էլզայմըր խնամք Հայաստան» կազմակերպութեան եւ հեղինակը այս ծրագիրին: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ի յօդուածը՝ "