"Ռուսաստան պատրաստ է ողջունելու Եւրամիութեան անդամ երկիրներու միջնորդական ջանքերը Արցախի շուրջ բանակցութիւններուն, եթէ անոնք կը նպաստեն գործող համաձայնագիրերու իրագործման: Այս մասին այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Եթէ միջնորդութիւնը խաղաղութիւն ու կանխատեսելիութիւն պիտի բերէ եւ պիտի նպաստէ գործող համաձայնագիրերու իրագործման, ապա ողջունելի է այդ: Ընդհանուր առմամբ, այս ուղղութեամբ աշխատանքները վատ չեն»,– ըսաւ Փեսքով՝ անդրադառնալով ԵՄ-ի՝ Արցախի շուրջ եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւններուն մասնակցելու յայտարարութիւններուն: Փեսքով յիշեցուց, որ Արցախի շուրջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրերը իրականութիւն դարձան շնորհիւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի: «Ան տեւական կապի մէջ է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ներկայիս կ'աշխատինք իրագործելու ստորագրուած համաձայնագիրերը»,– ըսաւ Փեսքով: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Արմէնփրես»-ի յօդուածը՝ "