Օպամայի վարչակազմի օրով ՄԱԿ-ի Միացեալ Նահանգներու նախկին ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր քուէարկուեցաւ որպէս Ճօ Պայտընի կողմէ առաջադրուած Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան՝ USAID-ի ղեկավար: «Yale»-ի եւ «Harvard»-ի շրջանավարտներէն՝ Սամանթա Փաուըր, դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստաբան, երբ 2002-ին հրապարակեց իր առաջին գիրքը՝ «Դժոխքէն խնդիր. Ամերիկան եւ ցեղասպանութեան դարաշրջանը»: Անցեալ շաբաթ Փաուըր Twitter- ի իր էջէն պատմեց իր անձնական պատմութիւնը թէ ինչպէս 2009-ին Օպամայի հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անկարողութիւնը անձամբ ազդած էր իր վրայ՝ tweet-ելով «ճանաչման վրայ տարիներով աշխատելով, ցնցուեցաւ Օպամայի այդ որոշումէն, եւ ուզեցի որ զաւակս՝ Տեքլան, շաբաթներ առաջ, ապրիլ 24-ի օրով, ծնի: Այսօր Տեքլան դարձած է 12 տարեկան»: Փաուըրի յաջողութիւն կը մաղթենք իր նոր պաշտօնին:
https://www.nytimes.com/2021/04/28/us/politics/Power-USAID.html