Արեւմտահայերէնը՝ նորարար արհեստագիտութեան կիզակէտին

art-language-armenia

"Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը յայտարարած է, որ Արեւմտահայերէնի ծառադարանը թողարկուած է Մայիս 15-ին եւ այժմ հասանելի է «Universal Dependencies Consortium» կայքէջին վրայ: Ծառադարանը կարեւոր է լեզուի մը կենսունակութեան համար: Ան լեզուական գործիք մըն է, որ կը վերլուծէ ու կը նկարագրէ լեզուի մը կառուցուածքը՝ վեր հանելով անոր զանազան բաղադրիչները, ինչը կը նպաստէ, որ համակարգչային ծրագիրներ «ճանչնան» զայն ու աշխատին անոր հետ: 1990-ականներուն ծառադարանները յեղափոխութիւն յառաջացուցին համակարգչային լեզուաբանութեան մէջ՝ Բնական լեզուի մշակման ոլորտէն ներս մեքենայական ուսուցման մեթոտներու եւ արհեստական նեարդային ցանցերու ընդլայնումէն ետք: Արեւմտահայերէնի ծառադարանը ներկայիս կը պարունակէ 1780 նախադասութիւն՝ բաղկացած 7,5 միլիոն բառէ՝ հիմք ունենալով աւելի քան 50 հեղինակներու 110 գործեր՝ գրուած 1895-էն 2010-ի միջեւ: Ընդգրկուած են գրական տարբեր ժանրեր՝ գեղարուեստական, անձնական ու պաշտօնական նամակագրութիւն, ուղեգրութիւն, քաղաքական ու գրական դասախօսութիւններ, յուշագրութիւններ եւ ճամբորդական նօթեր: Արեւմտահայերէնի ծառադարանը եւ անոր շնորհիւ պատրաստուած Բնական լեզուի մշակման բոլոր գործիքները անհրաժեշտ են՝ նորարար շունչ հաղորդելու հայերէնին եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու թուային ժամանակակից աշխարհին մէջ: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Ասպարէզ»-ի յօդուածը՝ "

https://asbarez.com/state-of-the-art-language-technologies-in-western-armenian/

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *