"«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդներու 68 հոգինոց խումբը հասած է Երեւան: Այս մասին կը յայտնեն Սփիւռքի հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակէն: Նշենք, որ «Քայլ դէպի տուն»-ը ուսումնա-հետազօտական ճամբար մըն է 13-էն 18 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներու համար՝ երկու շաբաթ տեւողութեամբ՝ կազմակերպուած ՀՀ Սփիւռքի հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ: Ծրագիրը կ'ընդգրկէ հայոց լեզուի ու պատմութեան դասընթացքներ, պատմա-մշակութային տեսարժան վայրերու եւ յուշահամալիրներու այցելութիւններ, երգի ու պարի դասեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ փորձառութիւններ: "