"«Տաւուշի գինիի օրեր» միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Տաւուշ մարզին մէջ Սեպտեմբեր 4-ին, ինչը կրնայ դառնալ սոյն տարուան ամենահաճելիներէն մէկը Հայաստանի մէջ: Պիտի ներկայացուին Հայաստանի ու Արցախի գինարտադրողները, ներառեալ՝ Տաւուշի տնային գինիները: Կայ մշակութային բաժին մըն ալ, ուր մանուկները պիտի ունենան մանրաներկայացումներ: Կեդրոնանալով Տաւուշի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն վրայ՝ կազմակերպիչը նպատակ ունի գրաւելու Հայաստանի զբօսաշրջային ընկերութիւնները, տեղեկատուական կեդրոններն ու անձնական զբօսավարները, որոնք որեւէ պտոյտ կ'առաջարկեն դէպի Տաւուշի մարզ կամ նման տեղեկութիւն կը հաղորդեն: Ամբողջական լուրը՝ "