"1800-ականներու կէսերէն ի վեռ հայերը եղած են Շիգակոյի համայնքի մէկ մասը: Օսգար Թաթոսեանի պապը՝ Օսգար Իսպէրեան, մօտ 1912-ին Շիգակօ գալէն ետք արեւելեան գորգի առեւտուրի մէջ մտաւ՝ միանալով հոն ապրող իր քեռիին: Ի վերջոյ, ան իր 4 եղբայրներէն 3-ին հետ պիզնըս սկսաւ, որը գոյութիւն ունի մինչ օրս, աւելի քան մէկ դար անց: Թաթոսեան կ'ըսէ. «Հայերը կարծես արեւելքն ու արեւմուտքը որպէս վաճառական դաս իրար կապեցին եւ զբաղեցան առեւտուրով, ինչպէս՝ գորգերով: Երբ անոնք Արեւմուտք եկան, անոնք շարունակեցին»: Թաթոսեան առաւել եւս Շիգակոյի եւ անոր հայկական համայնքին ներգրաւուած է`որպէս Շիգակոյի հայ համայնքի ղեկավար, բարերար ևեւ պատուաւոր հիւպատոս: Թաթոսեանի տատիկն ու պապիկը մարդոց կը հիւրընկալէին, երբ անոնք Հայաստանէն կու գային, որոնց մէկ մասը, փախչած էր 1915 թուականի ցեղասպանութենէց: Յակոբ Սուլաքեան, որ տեղական հայկական համայնքի, կեդրոնացած արուարձանի Հայ Սրբ. Եկեղեցւոյ շրջակայքին, առաջնորդն է, խօսեցաւ երկրին ու մշակոյթին հանդէպ այն ամուր կապերուն մասին, որոնք հայերը տակաւին կը պահպանեն, ըսելով. «Պէտք է ունենալ ձեր հայ ինքնութեան զգացումը, եւ պետք է շարունակէք պահպանել աւանդութիւնները»: Ան շարունակեց ըսելով. «Չեմ կարծէր, որ մեր ծնողներն ու պապերը հոս եկան՝ մոռնալու այն ամենը, ինչով իրենք մեծցած էին»: Սուլաքյան հայ ժողովուրդի մասին ըսաւ «մենք շատ նորարար, ձեռներեց մարդիկ ենք, գիտենք ինչպէս գոյատևել: 3000 տարի գոյութիւն ունեցող շատ ժողովուրդներ չի կան: Մենք միշտ գոյատեւելու միջոց գտած ենք»:"
https://interactive.wttw.com/playlist/2021/06/08/armenians-chicago