Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը կը նպաստէ միջին դասի ձեւաւորման

It-Sector-news2

"Անցնող տասնամեակին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացումն ու տեղեկատուական հասարակութեան ձեւաւորումը խթան հանդիսացած են տարբեր երկիրներու միջեւ տնտեսական մրցունակութեան բարձրացման: Աւելի լաւ արտադրողականութիւն, կառավարում, նորարարութիւն եւ գիտա-ուսումնական համակարգեր, ինչպէս նաեւ օժանդակ ենթակառուցուածքներու բարելաւում. յիշեալները առաջնահերթութիւն կը համարուին, անկիւնաքարը՝ գիտելիքի վրայ հիմնուած տնտեսութիւն ունենալու: Հայաստանի մէջ ՏԱ ոլորտը երկրի զարգացման ռազմավարական ուղղութիւններէն է՝ հաշուի առնելով առկայ իրողութիւններ, ինչպէս՝ բնակչութեան գիտա-ուսումնական մեծ ներուժը, ստեղծագործական, գիտա-հետազօտական ու կիրառական աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածքի, բնական պաշարներու եւ փոխադրամիջոցային ուղիներու սահմանափակումները: Վերջին տասնամեակին համաշխարհային տնտեսութեան արագ աճը պայմանաւորուած է տարբեր արդիւնաբերութիւններու մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու կիրարկումով: Խորհրդային միութեան ժամանակ ըլլալով ծրագրակազմի զարգացման, արդիւնաբերական հաշուարկումներու, ելեկտրոնաբանութեան, կիսահաղորդիչներու արտադրութեան կեդրոն՝ Հայաստան կը շարունակէ տարածաշրջանին մէջ յառաջատար դիրք զբաղեցնել տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտէն ներս՝ նկատի ունենալով վերջինիս մասնաբաժինը երկրի ՀՆԱ-ին (Համախառն ներքին արդիւնք) մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններու բազմացումն ու առեւտրական գործառնութիւնները: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «EVN Report»-ի յիշեալ յօդուածը՝"

https://www.evnreport.com/economy/the-it-sector-in-armenia-is-forming-a-middle-class

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *