"Հայաստանի տնտեսութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է առեւտուրի բացասական հաշուեկշիռը, որ կը հասնի տարեկան մինչեւ 2,5 միլիառ տոլարի: Որակական յառաջընթաց արձանագրելու համար Հայաստան պարտի զգալիօրէն աւելցնել արտահանումը եւ, միւս կողմէ, նուազեցնել առեւտուրի բացասական հաշուեկշիռը: Այս ծիրէն ներս Չինաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու խթանումը էական դեր կրնայ խաղալ Հայաստանի տնտեսութեան զարկ տալու առումով: Հայաստան կրնայ դէպի Չինաստան արտահանումը աւելցնել երկու ոլորտներու մէջ. գիւղատնտեսութիւն եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան արտադրանք: Հայաստանի թարմ պտուղները, բանջարեղէնները, ինչպէս նաեւ գինին եւ քոնեակը չինական շուկայ մտնելու ներուժը ունին: Գիւղատնտեսական արտահանումը պիտի նպաստէ Հայաստանի գիւղական շրջաններու զարգացման՝ ստեղծելով աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ եւ կանխելով գիւղերէն դէպի մայրաքաղաք Երեւան հոսքը: Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացող ոլորտը մէկ ուրիշ հնարաւորութիւն է՝ ամրապնդելու Չինաստանի հետ տնտեսական երկկողմ կապերը: Հաշուի առնելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան չինական շուկայի ապշեցուցիչ աճը՝ պէտք է ըսել, որ կան չօգտագործուած հսկայական պաշարներ, որպէսզի հայկական ընկերութիւնները գործակցին իրենց չինացի գործընկերներուն հետ: Քանի որ սթարթափները չեն կեդրոնացած միայն Երեւանի մէջ, Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան յաւելեալ զարգացումը պիտի նպաստէ հայկական մարզերու բարգաւաճման: Ամբողջական յօդուածը կարդալ «Indrastra»-ի կայքէջին մէջ՝ "
https://www.indrastra.com/2021/09/China-Armenia-Eoc.html?m=1