"Արմատները գտնելու համար, Շարլոթ Ալվպորկը ճանապարհորդութեան գնաց: Ան ծնած է Լիբանան, բայց որդեգրուած է եւրոպացի զոյգի մը կողմէ, որ հաստատուած են Շուէտի մէջ: Ան միշտ մտածած էր իր մօրը փնտրելուն մասին, բայց վախցած էր, մտածելով թէ ինչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իր մօր կեանքին վրայ: Արդեօք անոր մայրը կը ցանկանայ այս կապը գաղտնի՞ պահել: Արդեօք ան ամուսնացած էր, եւ անոր ընտանիքը չէր գիտեր, որ ան երեխայ ունեցած էր: Որդեգրող զոյգը անոր ծնողքին ըսած է, որ Շարլոթը լիբանանցի է, իր ծննդեան մայրը քրիստոնեայ էր եւ 21 տարեկան էր երբ Շարլոթը ծնաւ: Ի վերջոյ, ան որոշեց փնտրել մօրը՝ ընկերոջ մշտական խրախուսանքէն ետք: Ան յայտնաբերեց իր ճանապարհորդութեան ընթացքին, որ որքան փոքր է հայկական աշխարհը: «DNA»-ի արդիւնքները զարմանալիօրէն կը համընկնին այն անուններուն հետ, որոնք կը վերջանան –եան ով: Վերջապէս, ան Facebook-ի վրայ կրցաւ գտնել իր ընտանիքը եւ կապվել մօր որդու ՝ եղբոր հետ: Շարլոթը յաղորդագրութիւն կը ստանայ եղբօրմէ, որուն մէջ գրուած է՝ «Բարեւ քոյրիկ»: Այս պահէն ետք, ան գիտէր որ իր կեանքը այլեւս երբեք նոյնը պիտի չըլլար: Ամբողջական պատմութիւնը կրնաք կարդալ «armenianweekly.com»-ի կայքէջէն:"