"9 Սեպտեմբեր 2020-էն, երբ դեռ ծայր չէր առած հայ-ազրպէյճանական պատերազմը, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան առանց որեւէ հիմնաւոր բացատրութեան արգիլած են հայաստանեան ինքնաթիռներու մուտքը թրքական օդատարածք: Այլ խօսքով՝ Թուրքիա շրջապատած է Հայաստանը ոչ միայն ցամաքային, այլ նաեւ օդային ճամբով՝ ակնյայտ թշնամանք ցուցաբերելով Հայաստանի նկատմամբ: Իրողութիւնը այն է, որ օրին պաշտօնապէս չէր յայտարարուած այս որոշումին մասին: Սոյն արգելքը յայտնի դարձաւ, երբ Թուրքիա մերժեց հայկական օդընկերութիւններու՝ իր օդատարածքը օգտագործելու դիմումը: Ամբողջական լուրը՝ «Հետք»-ի վրայ՝ "