Նախիջեւան տանող թրքական կազամուղը կը խաթարէ ուժային յարաբերութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ

turkish-pipeline

"Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ մարտերու վերջին փուլը աւարտող Նոյեմբեր 2020 եւ Յունուար 2021 հայ-ազրպէյճանա-ռուսական համատեղ յայտարարութեան ամենակարեւոր հետեւանքներէն մէկը՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու վերաբացման նպաստումն էր: Թէեւ ցարդ մեծ յառաջընթաց չէ արձանագրուած ճանապարհային ու երկաթուղային փոխադրամիջոցներու վերաբացման ուղղութեամբ, բայց եւ այնպէս զգալի շարժ կարելի է նկատել անդրսահմանային ծրագիրի մը գծով, որ է՝ Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ բնական կազամուղը: Վերջինիս համաձայնագիրը դեռ Դեկտեմբերին, այսինքն՝ արցախեան պատերազմի հրադադարի եռակողմ յայտարարութենէն ընդամէնը երկու շաբաթ ետք, ստորագրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտօնատար անձինք: Շինարարական աշխատանքներու մեկնարկը նախատեսուած է յառաջիկայ ամիս: Կազամուղը պիտի բաւարարէ Ազրպէյճանի՝ ռազամավարական նշանակութիւն ունեցող Նախիջեւանին վառելանիւթ մատակարարելու նպատակով Իրանի հետ փոխանակում կատարելու պահանջը: Բացի այդ՝ ան կը խոստանայ ուժեղացնել Թուրքիոյ ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչը կը գլէ-կ'անցնի վերջին աւելի քան մէկ դարու պատկերը: Ամբողջական լուրը՝ «Jamestone»-ի վրայ՝ "

https://jamestown.org/program/turkish-pipeline-to-nakhchivan-shakes-up-power-relations-in-south-caucasus/

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով