«Las Vegas Sun» այս շաբթուայ սկիզբը յայտարարեց, որ Նեվատայի համալսարանի, Լաս Վեկասի բժշկական դպրոցը պիտի կոչուի ամերիկահայ անուանի արեւտրական, բարերար եւ Լաս Վեկասի ամենէն ժողովրդական երեք հիւրանոցներու հիմնադրի անունով: Շենքը պիտի ըլլայ առաջին կալուածքը, որ պիտի կոչուի անոր անունով: Այս կու գայ որպէս Գրիգորեանի հանդէպ երախտագիտութիւն, նկատի ունենալով որ ան տարիներու ընթացքին մեծապէս հոգ տարած է Լաս Վեկասի համայնքին: Հարկ է նշել, որ Գրիգորեան 1988 թուականի երկրաշարջէն ետք,1 միլիար տոլար նուիրած է Հայաստանի, իսկ վերջերս «The Promise» ֆիլմի ծախսին մէծ մասը տրամադրուած է Գրիգորեանի կալուածքէն, որուն արժէքը կը կազմէր մինչեւ 100 միլիոն տոլար: Բժշկական դպրոցի անուանակոչման մասին աւելիով կրնաք կարդալ «Las Vegas Sun»-էն:
Source: https://lasvegassun.com/…/unlv-medical-school-to-be…/