" ԱՄՆ Ուաշինկթընի շրջանային վերաքննիչ դատարանը մերժած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ յարուցուած երկու քրէական գործերը կասեցնելու թրքական կողմի բողոքը: Նշենք, որ 16 Մայիս 2017-ին նախագահ Էրտողանի թիկնապահները ծեծի ենթարկած էին մի քանի ցուցարարներ, երբ առաջինս այցելած էր ԱՄՆ ու կը գտնուէր Ուաշինկթընի մէջ թրքական դեսպանատան առջեւ: Ցուցարարները մասնաւորաբար քիւրտեր ու եզիտիներ էին, որոնք կը բողոքէին Թուրքիոյ նախագահին վարած քաղաքականութեան դէմ: Երեքշաբթի Ուաշինկթընի վերաքննիչ դատարանը որոշեց շարունակել աւելի քան տասներկու հայցուորներու՝ Էրտողանի թիկնապահներուն յարձակման զոհերուն անունով յարուցուած երկու քրէական գործերը՝ ի զօրու պահելով դատարանի Փետրուար 2020-ի որոշումը, ըստ որուն՝ Թուրքիա անձեռնմխելի չէ՝ համաձայն «Foreign Sovereign Immunities Act» օրէնքին: Ամբողջական զեկոյցը՝ "
https://www.panorama.am/en/news/2021/07/29/US-appeals-court-Erdogan/2542984