Ըստ «CivilNet»-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը համագործակցին պատուաստի կրպակներ տեղադրելու Երեւանի հիւսիսային պողոտային վրայ՝ փորձելով հետիոտները քաջալերել պատուաստուելու Քորոնա ժահրին դեմ: Անկախ Հայաստանի քաղաքացի ես թէ ոչ, Հայաստան բնակող ոեւէ բնակիչ որ 18 տարեկանը բոլորած է եւ կը փափաքի պատուաստուիլ, կրնայ օգտուիլ պատուաստէն: Կրպակներուն վրայ տեղադրուելիք պատուաստները Անգլիական «AstraZeneca» են: