«Wanderlust» ճամբորդական հանդէսը մասնաւոր էջ մը յատկացուցած է Հայաստանին

wanderlast-magazine

"Այսուհետեւ բրիտանական «Wanderlust» ճամբորդական հանդէսը զբօսաշրջիկներուն պիտի ծանօթացնէ Հայաստանը, որուն համար յատկացուած է մասնաւոր էջ մը, որ պարբերաբար պիտի թարմացուի: Նշենք, թէ ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէին հրաւէրով՝ հանդէսին խմբագիրը այժմ Հայաստան կը գտնուի իր գործընկերոջ հետ՝ բացայայտելու, իր կարծիքով, ոչ շատ յայտնի, բայց խորհրդաւոր այս երկիրը, որ բոլոր նախադրեալները ունի՝ հարուստ պատմութիւն, մշակոյթ, համեղ խոհանոց, ջերմ ու հիւրընկալ մարդիկ՝ ճամբորդական լաւագոյն ուղղութիւններէն մէկը դառնալու բրիտանացի զբօսաշրջիկներուն համար: «Wanderlust» ճամբորդական հանդէսը կը թիրախաւորէ մասնաւորաբար Մեծ Բրիտանիայէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն եւ Ծոցի երկիրներէն ուղեւորներ, որոնք կը սիրեն ընտրել անսովոր ու քիչ յայտնի ուղղութիւններ: Ի դէպ, կայքէջը 1.500.000 այցելու ունի ամսական դրութեամբ: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ի յօդուածը՝ "

https://en.armradio.am/2021/07/16/wanderlust-british-travel-magazine-spotlights-armenia/

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *