Ըստ «Oxu.az»-ի Պաքուի «Յաղթանակի Այգի»-ի տգեղ, շղթայուած, բանտարկուած, ցաւով տարապած եւ կամ մեռած հայ զինուորներ քանդակած քանդակագործներու հետ կատարուած հարցազրոյցին՝ քանդակագործները կ'ըսեն, որ հայ զինուորներու իրենց տգեղ ներկայացումը դիտմամբ է: «Փորձեցինք ամենատգեղ ներկայացումները ստեղծել: Սովորաբար մեր աշխատանքներուն մէջ կը փորձենք ինչ որ գեղեցիկ ներկայացումներ պատրաստել: Բայց այս անգամ ըրինք հակառակը: Աշխատանքը երկար եւ բարդ գործընթաց մ'ըն էր: Անոնց տուած ենք կեռաւոր քիթ, տափայարկ գլուխ եւ այլ յատկութիւններ».- ըսին անոնք:
Source: https://ru.oxu.az/society/484836