"Արժանթինահայ գործարար եւ բարերար Էտուարտօ Էորնէքեան երէկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր հանդիպումին յայտարարեց, որ ան վճռական է մեծ ներդրումներ շարունակելու Հայաստանի մէջ: Վարչապետ Փաշինեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց. «ուրախ եմ ձեզի հետ այլ հանդիպում մջըն ալ կատարելու: Նման հանդիպումները միշտ ալ կարեւոր են, քանի որ դուք Հայաստանի Հանրապետութեան ամենակարեւոր ներդրողներէն մէկն էք, մասնաւորապէս՝ սփիւռքահայ ամենակարեւոր ներդրողներէն մէկը: Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» CJSC-ի կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուեցաւ փրկարարական ենթակառուցուածքներու զարգացման ու բարելաւմա, Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու նորոգմանն ու յետագայ շահագործման մասին, որոնք կը կառավարուին ընկերութեան կողմէ արտոնեալ պայմանագիրով: Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Էտուարտօ Էորնէքեանի պատկանող ընկերութիւններու կողմէ ծրագրուած կամ իրականացուող այլ արեւտրական նախագիծերու մասին: Լուէը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Masis Post»-ի յօդուածի ներքեւի հղումը:"