Ամերիկահայերը ողջունեցին նախագահ Ճօ Պայտընի պատմական այն յայտարարութիւնը, որ առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մինչեւ 1,5 միլիոն հայերու սպանութիւնն ու բռնագաղթը ցեղասպանութիւն համարուի՝ որպէս պատմութեան հետ հաշուի նստելու վաղեմի, բայց դրական քայլ: Միացեալ Նահանգները այսպիսով կը միանայ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Գանատայի, եւ 27 այլ երկիրներու որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, յայտնեց Հայկական ազգային հիմնարկը: Միացեալ Նահանգներու միւս դաշնակիցները, ինչպէս Միացեալ Թագաւորութիւններն ու Իսրայէլը, տակաւին այդ դա չեն կատարած: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ Պայտընի յայտարարութիւնը «վերք մը բացաւ» Անքարա-Ուաշինկթոն յարաբերութիւններուն մէջ եւ «խորապէս վիրաւորած է թուրք ժողովուրդին», յատնեց «Financial Times»: Տենվերի Գոլորատոյի համալսարանի իրաւապաշտպան, միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Սիմոն Մաղաքեան ըսաւ, որ Պայտընի յայտարարութիւնը կարեւոր քայլ էր «հայ համայնքի սերունդներու վնասուածքը բուժելու գործին», բայց միայն որ Միացեալ Նահանգներ ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը «իսկապէս կարեւոր է», եթէ սպիտակ տունը ուժեղ միջոցներ ձեռնարկէ հայերու անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար, նեռարեալ`Լեռնային Ղարաբաղի, վիճելի տարածաշրջանին մէջ, որուն համար վերջերս Հայաստան եւ Ազրպէյճան պատերազմեցան, «Հայաստանի անցեալը առանց ներկայի ճանաչումը իմաստալից չէ»,- աւելացուց ան: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տե՛ս «Time»-ի յօդուածը: