«Yerevan Biennial Art Foundation»-ը յայտարարած է, որ, բացի «The Time Complex»-ի թուային մեկնարկէն, երեք ցուցահանդէսներու բացումին համար պիտի գործակցի «Google Arts and Culture»-ի հետ: Գործակցութեան նպատակն է խթանել հայ պատմական ու ժամանակակից մշակոյթը՝ ստեղծելով այնպիսի բան մը, որով պիտի ուրախանայ ամբողջ հայութիւնը աշխարհով մէկ, իսկ միջազգային հանդիսատեսը պիտի հետաքրքրուի անով: Մարտիրոս Սարեան հայ ամենայայտնի նկարիչներէն է, որուն գործերը տեւաբար կը ցուցադրուին Ռուսաստանի մէջ տարբեր ցուցահանդէսներու ժամանակ: Անոր գեղանկարները, որոնք կը բնորոշուին վառ ու յագեցած գոյներով, Սարեանը կը դարձնեն 20-րդ դարու ամենահետաքրքրական նկարիչներէն մին: Սարեանի գրեթէ բոլոր գործերը կը կեդրոնանան հայկական բնավայրին վրայ: Սակայն, բացի այդ, ան նաեւ ստեղծած է ՀԽՍՀ զինանշանն ու ձեւաւորած է հայկական առաջին պետական թատրոնի վարագոյրը: