Կռիլով, Չարենց եւ Մարգարէն

With great attention I read about the second Pan-Armenian Council program proposed by the President of the country of chess champions, who is also the president of the country’s chess federation.

Մեծ հետաքրքրութեամբ տեղեկացայ «Համահայկական Խորհուրդի» ծրագրի երկրորդ տարբերակին մասին, որ ըստ պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մը, պիտի արծարծուի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովի ընթացքին:

 …………………………………………………….

Մի կարապ, մի խեցգետին, մի գայլաձուկ

Բարձած սայլը տեղից քաշել ուզեցին,

Եվ երեքով եկան սայլին լծվեցին,

Ինչ են անում, ինչ չեն անում,

Սայլը տեղից չի էլ շարժվում.

Շատ թեթև է բեռը թվում,

Բայց կարապը վեր է թևում,

Խեցգետինը քաշում է հետ,

Գայլաձուկն էլ հո դեպի գետ:

Ով է արդար, ով մեղավոր,

Մենք չդատենք: Բանն այն է, որ
Մինչև այսօր
Թե սայլ, թե բեռ
Նույն տեղն են դեռ:

………………………………………….

Ճատրակի ախոյաններու երկրի նախագահ եւ միաժամանակ երկրի Ճատրակի ֆէտէրացիայի նախագահի «Համահայկական Խորհուրդի» երկրորդ հրատարակութեան առաջարկը մեծ ուշադրութեամբ սերտեցի: Հարց տուի, պրպտեցի, յայտնաբերելու Խորհուրդի երկրորդ տարբերակի մէխանիզմն ու սցենարը, հասկանալու թէ արդեօք ան պիտի ըլլայ առաջինին նման Կռիլովեան Սայլի՝ կամ հետեւի Եղիշէ Չարենցի պատգամին- «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»:

Բացատրեմ տարբերութիւնը խօսուն օրինակով մը: Ֆրանսահայ համայնքը ունի Քրիլոֆեան օրինակով կառոյց՝ «Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ»:Ֆրանսայի տարածքին այլ մի համայնք, ունի Չարենցի օրինակով կառոյց՝ համաժողովրդական ներգրաւածութեամբ:.

Մէկը, չըսեմ որ մէկը, ունի տարեկան քսանչորս միլիոն Եւրոյի պիւտճէ: Մերը՝ պիւտճէ չունի: «Մեր» կազմակերպութեան համանախագահներէն մէկը կ՛ըսէր – «Մեր նամակները ես կը գրեմ, կը տպեմ, դրոշմաթուղթին դրամն ալ գրպանէս կը վճարեմ՝...» Թէ «միւսներուն» պիւտճէն ուրկէ՞ կու գայ, ո՞վ կու տայ, ինչպէ՞ս կ՛առնեն. ունի՛ն. Մե՛նք ալ ունենաք:

Մէկը, ունի քառասուն հազարէ աւելի՝ անդամավճար վճարող անդամներ: Մերը, կը ներկայացնէ երեսունէ աւելի կազմակերպութիւններ. կարապ, խեցգետին, գայլաձուկ...:

Մերը՝ ամենայն յարգաքնով Ցեղասպանութեան ճանաչման ծիրէն ներս եղած հսկայ նուաճումներուն, քաղաքական հարաբերութիւններէ դուրս որեւէ գործունէութիւն չունի: Այս կացութեամբ, գաղութը ունի եօթը ինքնավար դպրոցներ որոնք կը հաշուեն 1213 աշակերտներ: Միւսը կը տնօրինէ իրենց երկու հարիւրէ աւելի դպրոցները որոնք կը ներառեն երեսուն երկու հազար աշակերտ, կը տնօրինէ իրենց ընկերային կառոյցները, կը նպաստէ իրենց ժողովուրդին հայրենադարձութեան, կը հասնի համայնքի կարօտեալներուն եւ հարաբերութիւն կը վարէ Ֆրանսական պետութեան հետ:

The other organization manages more than 200 schools and has 32,000 students, governs the community’s social structures, promotes repatriation towards their homeland, reaches the community’s needy, and maintains warm relationships with the state.

Կը խնդրեմ չըսէք որ իրենք՝ Ճատրակի ախոյաններու ժողովուրդէն աւելի հզօր են: Կը խնդրեմ չըսէք որ իրենք կու տան, մեր ժողովուրդը չտար:

Վերջերս՝ իր Հայաստան այցին, Տիկին Անահիտ հետը տարած էր Դպրոցասէր վարժարանի երեք վառորդներու պատրաստած նուէրները, հագուստ-կապուստ, կօշիկ, իրեր, զարդեր, եւ պահարան մը որ կը ներփակէր երկու հարիւր Եւրո, բոլորը ուղուած քարորեայ պատերազմինզոհուած՝ Մասիսի մարզէն հերոսի մը ընտանիքին: Նշեալ վառորդներու ամսական աշխատավարձքը հազար Եւրոյի շուրջ ըլլալու է. հաւանաբար վեց եօթը հարիւր եւրո տան վարձք կը վճարեն. եւ դեռ իրենց երկու լուման գանձանակը ձգած էին: Կը խնդրեմ չըսէք որ մերինները չեն տար:

Please do not say that we do not give.

Ժողովուրդը կու տայ սակայն կը տատամսի տալու կարապին, խեցգետինին, գայլաձուկին, Դպրոցասէրի երեք վառորդները. . Վաչեն ալ երեսուն միլիոն տոլար նուիրէր է UCLAի...

Չըսէք չեն տար:

………………………………………….

Անցեալ շաբաթ, Երեւան այցիս, Սփիւռքի նախարարութենէն նեկայացուցիչներ կը հաստատէին թէ անցեալ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի թիրախները իրագործուած էին: Եթէ այդպէս է, կը խնդրեմ որ այցելէք Փարիզի, Միւնիխի կամ Լաս Վէկասի միջազգային ցուցահանդէսներու Թրքական սրահները. ետքը փնտռէք նոյն ցուցահանդէսներու մէջ մէկ հայկական տաղավար: Կը խնդրեմ որ այցելէք www.tulumba.com կայքէջը եւ փնտռէք անոր հայկական համապատասխանը:

Մենք, մետաքսի ճամբու երկրաչափերն ու գերիշխաններս, մեր եօթը միլիոն հաշուող սփիւռքով, մեր հզօր Սփիւռքեան գործարարներով, հիմա մե՞նք Թուրքերէն օրինակ պիտի առնենք:

………………………………………….

Հետաքրքրութեամբ կարդացի որ Համահայկական Խորհուրդի ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած էր մտաւորական շրջանակներու մէջ:

Կը մտածեմ թէ արդեօք մեր մտաւորականները վա՞րժ են ճատրակի խաղի ռազմավարութեան, հմու՞տ են վերլուծելու քարի մը շարժումը եւ տեսնելու յետին նպատակը: Արդեօք անոնք հետաքրքրուեցա՞ն հասկնալու համար թէ առաջարկուած խորհուրդը պիտի ներգրաւէր ժողովուրդը, կամ ըլլար ընտրանիներու ակումբ մը:

Այսօր ունինք Հայրենիք եւ Արցախ: Երկու, վատ թէ լաւ ժողովրդավար հանրապետութիւններ: Իսկ Սփիւ՞ռքը: Հզօր սփիւռքը, կը մնայ նման Կռիլովի սայլին:

Հաղորդագրութիւնը կը յայտարարէ «Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է...որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ»:

The press release specified: The self-organization of the Diaspora is a primary right and duty. The Diaspora should be self-organized and reunited.

Ո՞վ, ի՞նչպէս, ու՞ր:

Հանդիպեցայ, գրեցի, հարց տուի կարապին, խեցգետինին եւ գայլաձուկին՝ Հերդապահներուն:

Հարց տուի Բարեգործին, Հուրին եւ Անուշին:

Հանդիպեցայ ու գրեցի Շաքալին եւ Աղուէսին, մին հաւ եւ միւսը գառնուկ մը տարած, մին ագառակ էր բացած, միւսը գործարան հիմնած եւ դեռ միւսը հանգ վերցուցած: 

Գրեցի որդիական խոնարհութեամբ, բարձրաստիճան, բարձրաշուք, բարձրաթոռ՝ ուղտին եւ ընձուղտին,

Ի վերջոյ գրեցի՝ նոյնինքն թագաւոր Առիւծին:

Բոլորն ալ բացականչեցին ապրիսներ, պրավոներ, քաջալերեցին. քաջալերեցին եւ հա քաշեցին, քաշքշեցին, մեր սայլը տեղէն չշարժեցին:

Թէ չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր,

Ով է արդար, ով մեղաւոր,

is not for us to judge,

Մենք չդատենք: Բանն այն է, որ
Մինչև այսօր
Թե սայլ, թե բեռ
Նույն տեղն են դեռ:

Տառօրինակն այն է որ մենք՝ Հայերս, Կռիլովի օրինակին հետեւեր ենք, իսկ մեր Հրեայ եղբայրները լսեր են Եղիշէ Չարենցի կոչը -

«Ո՛վ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»:

………………………………………….

«Ու Տէրը զիս Հոգիով դաշտին մէջ դրաւ։ Անիկա ոսկորներով լեցուն էր, որոնք Սփիւռքի երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած էին։

Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք: Ու ահա իմ ժողուուրդիս որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին: Անոնք իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն։ Զանոնք մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու պիտի չբաժնուին»։

Ու Տեսայ թէ դաշտին ոսկորները ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ։»*

Ո՛վ ժողովուրդ,այս մարգարէութիւնը այսօր կ՛իրականանայ:

Զորահաւաք կը կատարուի:

Ո՞վ, ի՞նչպէս, ու՞ր:

Ահա շուտով կը գրեմ ձեզի:

* Քաղուած՝ ի Եզեկիել ԼԷ

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *