Զատկուայ Մաքրութիւն

Spring cleaning is a term referring to cleaning a house thoroughly in the springtime, a widespread practice in North America and Europe. The same practice applies as well in more ancient civilizations.

Փարիզ, Ապրիլ 24, 2015

Գարնանային մաքրութիւնը եզր մըն է, որ կ'ակնարկէ տան մը ամբողջական մաքրութեան գործին, Գարնան շրջանին. Ան լայնատարած սովորութիւն մըն է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Այս նոյն սովորութիւնը գոյութիւն ունի նոյնպէս աւելի հին քաղաքակրթութիւններու մէջ: Իրանեան գործածուող եզրը «Նոր Տարուայ մաքրութիւն» է, Պարսկական Նոր տարին (Նօրուզը) զուգադիպելով Գարնան առաջին օրուան:

Հայկական եզրը ՛՛Զատկուայ Մաքրութիւն՛՛, որ կ'ակնարկէ Տան մաքրութեան վերէն վար, լուալ, ՝նեֆթալինով՝ օծանել, ոլորել եւ մէջտեղէն վերցնելու գորգերը ամառուայ համար, կը զուգադիպի Եբրայական եզրին հետ: Արդարեւ, Հին Կտակարանին մէջ Եբրայեցիք հրամայուած էր նկատի առնել Հրէից Զատիկը, հեռու կենալով խմորեղէններէ: Նախքան ծոմապահութեան եօթը օրերը, հաւատացեալ Հրէաներու տուները մինչեւ օրս կը մաքրուին լաթերէն սկսեալ մինչեւ կահ կարասիք, զերծ պահելու զանոնք հացի նոյնիսկ մանր փշրանքներէ:

Այս տարի, Աւագ Հինգշաբթի օր, որ Գարնան առաջին տաք օրն էր Փարիզի մէջ, թռչուններու գեղգեղանքի եւ ծաղիկներու բոյրի մթնոլորտի մէջ, Բաթրիսիան ստանձնեց ընտանեկան նկարներու դասաւորումը: Աւելի քան երեք տասնեակներու ընթացքին, մենք մեր նկարներու ծրարները «նետած» էինք մեր առաջին յարկի նրբանցքի փայտեայ նստարանին մէջ: Բաթրիսիան բոլորը դուրս հանեց, դրաւ զանոնք մաս մաս մեր խոհանոցի սեղանին վրայ, եւ ետքը զատեց կոյտեր կազմելով: մէկական կոյտ մեր զաւակներէն իւրաքանչիւրին, ընտանեկան, ամուսնութիւններու, մեր եռամեայ ընտանեկան հաւաքոյթներու, արձակուրդի պտոյտներու, գործի եւ AJA ի – Հայկական Ոսկերիչներու Միութեան նկարներ: Իւրաքանչիւրը իր տեղը:

Երբ վերջացուց, ան դասաւորեց իւրաքքանչիւր տրցակ ժամանակագրականօրէն, եւ ետքը դասակարգերու հիման վրայ, դրաւ զանոնք հին պատկերատետրերու մէջ:

Կրկնատիպ նկարները դրուեցան տուփերու մէջ, եւ դարաններու վրայ՝ վերնատան մէջ:Սուրբ Մեռելոցի օրը, գործը վերջացած էր: Ան յանձնեց գործի եւ AJA ի նկարներու դասաւորումը ինծի:

Այսպիսով էր որ տրցակ մը նկարներ զետեղուեցան գրասեղանիս վրայ:
Յիշողութիւններ...Մի լուսանկար մարդուն հետ կտանի իր անցեալ և կստիպե անոր մոռնալ ներկան:

Հայ Ոսկերիչներու Միութեան, Ֆրանսա - Սեպտ, 2000 - ձախէն աջ, Պրն. Սապունճեան, Պրն. եւ Տիկ. Հայկ Արսլանեան, արտաքին նախարար Պրն. Նալպանտեան, նշանաւոր ոսկերիչ Պրն. եւ Տիկ. Քապաճեան, Պրն. եւ Տիկ. Իսթանպուլի:

Յիշատակներ: Պարզ նկար մը կրնայ անհատի մը ետ տանիլ, մոռցնել ներկան: Այն նկարը որ Վարդգէսը կամ ես առած էինք, Փարիզի Yan’s ակումբէն ներս, ուր սեպտեմբեր 2000-ին, մենք ունեցանք մեր AJA ի առաջին համեստ ընթրիքը, տարաւ զիս Լիբանան, դէպի իմ մանկութիւնս: Այդ ժամանակ, Արմէնը, Շահէն եւ ես սկաուտներ էինք նոյն խումբին մէջ: Մենք դպրոցի ընկերներ էինք: Ամէն Կիրակի միասին նոյն եկեղեցին կը յաճախէինք: Մեր մայրերը անդամ էին Տիկնանց միութեան մէջ. Իսկ մեր հայրերը եկեղեցւոյ յոգաբարձու անդամներ էին: Անկէ աւելի հեռուն, Թուրքիոյ մէջ, Արսլանեանները եւ մենք նոյն քաղաքէն էինք: Շատ հաւանական էր որ մեր մեծ հայրերը կապի մէջ էին այն ատեն ալ:

Երբ Լիբանանի քաղաքային պատերազմը սկսաւ, բոլորս անցանք Եւրոպա: Իսկ երբ Հայաստան իր անկախութիւնը ստացաւ, Հայկ Արսլանեանը, Ռահվիրան, առաջինը եղաւ հաստատելու լայնածաւալ ընկերութիւն մը Հայաստանի մէջ, ունենալով հինգ հարիւր աշխատաւոր:
Մարդիկ ընդհանրապէս կարօտախտային են. Անոնք կը յիշեն ՝՝նախկին լաւ օրերը՝՝ վերյիշելով միայն լաւ բաները:

Ես Կը նայիմ նկարին եւ ինքզինքիս հարց կու տամ թէ արդեօք ես ալ կարօտախտայի՞ն եմ, կամ միթէ այսօր ալ կան Պրն.Արսլանեանին նման մարդիկ. Ուղղամիտ, խօսքին տէրը, անշահախնդիր, խոնարհ եւ բարի:

Կը յիշեմ իր գանգատը երբ տիկին Շաքէն իրեն նուիրած էր ոսկիէ ժամացոյց մը իր տարեդարձին առթիւ. ըստ իրեն, այդ դրամով իրենք կրնային օգնել շատերու, ուրախացնել շատեր:

Կը յիշեմ Արմէնին խօսքը 1992-ին, երբ միջին թոշակը Հայատանի մէջ 50,000 դրամ էր, բայց իրենք սահմանած էին իրէնց նուազագոյն թոշակը 150,000-ի, փափաքելով որ իրենց աշխատաւորները ունենան կեանքի լաւ մակարդակ:

Հայ Աւետարանական Գոլէճ - Պէյրութ, 1967

Արմէնը, Շահէն եւ ես բախտաւոր էինք ծնելու մեր ընտանիքներուն մէջ, եւ բախտաւոր մեր ստացած կրթութեամբ: Դպրոցէն ներս, մենք ստացանք իմաստութիւն եւ արժէքներ՝ Գիրքէ մը: Այդ այն նոյն Գիրքէն, որ սերտած էին մեր հայրերը, մենք սորվեցանք, - Խոնարհութիւն, ՝՝հպարտութիւնը կը տանի նախատինքի բայց խոնարհութեան հետ կուգայ իմաստութիւն՝՝.
- խոհականութիւն, ՝՝թող ուրիշը գովէ քեզի, եւ ոչ թէ քու բերանդ՝՝... ՝՝բայց երբ հրաւիրուիք, գացէք եւ նստեցէք ամենայետին տեղը, որպէսզի երբ հրաւիրոողը գայ, ան ըսէ քեզի, 'անցի՛ր աւելի լաւ տեղ '՝՝.
- Ազնուութիւն, ՝՝Գործատէրեր, ձեր աշխատաւորներուն իրավունքը տուէք՝՝.
- Բարութիւն, ՝՝երբ կուտաս աղքատին, թող ձախ ձեռքդ չ՛իմանայ ինչ որ աջ ձեռքդ կ'ընէ՝՝.
- Ժրաջանութիւն, ՝՝Ամէն ինչ որ կ՝ընէք, ամոողջ սրտով ըրէք, որպէս թէ Աստուծոյ եւ ոչ թէ մարդոց՝՝.
- Ուղղամտութիւն, ՝՝Պարզապէս ձեր ՝՝Այո՝՝ն այո ըլլայ, եւ ձեր ՝՝Ոչ՝՝-ը ոչ.
- Իմաստութիւն, ՝՝Երբ բառերը շատ ըլլան, սխալը անխուսափելի կ՛ըլլայ, բայց ան որ իր լեզուն կը զսպէ , իմաստուն է՝՝... ՝՝յիմարը իր բարկութիւնը կ'արձակէ, բայց իմասունը ինքզինք կը զսպէ՝՝.

Մենք միայն չկարդացինք: վերոնշեալները գամուեցան մեր գլուխներուն մէջ, թէ տունը եւ թէ դպրոցէն ներս:

Այդ Գիրքը չպատկանիր պարզապէս միայն դպրոցի կամ խումբ մը անհատներու: Այդ Գիրքը կեդրոնասիւննն է Հայկական մշակոյթին: Արդարեւ, այդ Գրքի թարգմանութեան համար էր որ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս յանձնարարեց Մեսրոպ մաշտոցին, որ գտնէ հայոց Այբուբէնը: Առաջին նախադասութիւնը որ գրուեցաւ հայերէն Մաշտոցի ձերքով, հետեւեալ համարն էր. (Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ).

Այդ Գիրքը կը պատկանի բոլոր Հայերուն: Հաւանաբար սակայն, կարգ մը ընտանիքներ կամ դպրոցներ, Գրքին ճիշտ տեղը չեն տրամադրած, կամ չեն տեսած կարեւորութիւնը անոր արժէքները փոխանցելու գալիք սերունդներուն:

Այս Ապրիլ 24-ին, մեր «Քիփուրին», մեր սուքի եւ քաւութեան օրուան, յատկապէս մեզմէ անոնք որոնք առաջնորդներ են, գան միասին, քննեն իրենձ անձերը, խորհրդածեն իրենձ սխալ արարքներուն վրայ,խոստովանին զանոնք, շտկեն իրենձ ճամբան, փնտռելով ներողամտութիւն եւ քաւութիւն: Այս Գարնան հետ, այս Զատիկին, վերանորգուինք, վերածնինք: Հեռանանք «Մարմնի (մարդկային բնութեան) գործերէն , որոնք են հպարտութիւն, թշնամութիւններ, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, վէճեր, անհամերաշխութիւն, անհամաձայնութիւն, չարասիրութիւն», եւ ճիգ թափենք ունենալու «Հոգիին Պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ազնուութիւն, հաւատարմութիւն, քաղցրութիւն, ինքնազսպում»:

Այս Ապրիլ 24-ին, Հարիւր տարիներէ ետք, Ֆրանսիս Պապը քաջութիւնը ունեցաւ ճշմարտութիւնը խօսելու. մեծ Եւրոպական պետութիւններ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ընդունեցին իրենց իսկ պատախանատուութիւնը անոր մէջ. անոնք գերազանցեցին բարոյական եւ մարդկային արժէքները իրենց անմիջական տնտեսական շահերէն:

Այս Ապրիլ 24-ին, եկէ՛ք դնենք մեր նախահայրերուն արժէքները մեր տուներուն, դպրոցներուն, ընկերութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ հայրենիքի պետութեան կեդրոնը. Այդ նոյն հաւատքը եւ արժէքները, որոնց համար նահատակուեցան 1,5 միլիոն հայեր:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

One Response

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *