«Եթէ մենք կ'ուզենք մնալ քարտէզին վրայ, պէտք է «սփիւռքացնենք» Հայաստանը»

«Հետք»-ի հարցումներուն կը պատասխանէ ֆրանսաբնակ լրագրող, արեւելագէտ Տիգրան Եկաւեան:

The survival of the Armenian nation is conditioned by the direct involvement of the Diaspora in the political, social and cultural life of Armenia. The Armenian elites should make a revolution of thinking, pushing the Armenians of the Diaspora to get involved in and strengthen this state.

«Հետք»-ի հարցումներուն կը պատասխանէ ֆրանսաբնակ լրագրող, արեւելագէտ Տիգրան Եկաւեան:

- Պարո՛ն Եկաւեան, դեռ Մարտին մեզի հետ զրոյցի ժամանակ ըսիք, որ Հայաստանի՝ որպէս անկախ պետութեան ապագան Սփիւռքի հետ է։ Իսկ հաւանականութիւնը, որ կը դառնանք Ռուսաստանի ինքնավար մարզ կամ կը կրկնենք ասորական ժողովուրդի ճակատագիրը, անիրատեսական չէ։ Այս ամիսներուն ի՞նչ արձանագրումներ ըրած էք։ Ի՞նչ փոփոխութիւններ նկատած էք։

- Իրողութիւնը այն է, որ ես բարի մտադրութիւններու յայտարարութիւններ կը լսեմ այն պաշտօնեաներէն, որոնց հանդիպեցայ Հայաստան, բայց դեռ չեմ տեսներ իրավիճակի լրջութեան գիտակցում: Ապացոյցը այն է, որ հայ առաջնորդները բաւարարուած են ներկայ ճգնաժամին միակ պատասխանատուն «հիները» նշելով՝ առանց ճանապարհային քարտէզ սահմանելու եւ առանց երկրի վերականգնման մասնակցելու ունակ աւելի իրաւասու մարդոց ձեռք մեկնելու: Հայաստանի ապագային մասին լաւատեսական կամ յոռետեսական կանխատեսումներ ընելու ատեն կայ մէկ հիմնարար փաստ. ժողովրդագրական գործօնը նոյնքան կարեւոր է, որքան աշխարհաքաղաքականը:

Ժողովրդագրութիւնը երկրի բոլոր խոցելի տեղերուն հիմքն է, ան մեծապէս կը բացատրէ Արցախի մէջ կրած մեր պարտութիւնը եւ երկրի ու պետութեան վերականգնման մարդկային պաշարներու բացակայութիւնը: Առանց լուծելու այս խնդիրը՝ ժողովրդագրական արիւնահոսութիւնը, որ սերունդներու նորացում չ'ապահովեր, Հայաստան չի կրնար վստահութեամբ նայիլ իր ապագային: Ուստի ես կը շեշտեմ Սփիւռքի էական ներդրումը Հայաստանի գոյատեւման գործին մէջ, եթէ մենք կ'ուզենք պահպանել այս վիճակը: Աշխարհի իւրաքանչիւր հայ, որ կը փափաքի օգնել Հայաստանին, պարզապէս պէտք է երթայ եւ ապրի այնտեղ ու յաջողութեան հասնի մասնագիտական նախագիծ իրագործելով: Խնդիրը այն է, որ երեսուն տարի մենք մոլորութեան մէջ էինք: Մեզի ըսած են, որ Հայաստան մեր հայրենիքն է, այնքան ատեն որ չենք միջամտեր անոր ներքին գործերուն: Յաջորդական իշխանութիւնները չկրցան Սփիւռքի պաշարները պատշաճօրէն ուղղել երկրի զարգացման: Փոխարէնը անոնք ստեղծեցին անառողջ յարաբերութիւններ՝ հիմնուած երկու բանի վրայ՝ մարդասիրական օգնութեան եւ զբօսաշրջութեան: Բացառութեամբ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ Հայաստանն ու Սփիւռքը երբեք իսկապէս չեն աշխատած ընդհանուր բարօրութեան համար՝ փոխադարձ յարգանքի եւ փոխկախուածութեան յարաբերութիւններու մէջ:

- Հայաստան այսօր կանգնած է անվտանգային նոր սպառնալիքի առջեւ. հայ-ազրպէյճանական սահմանի գրեթէ ամբողջ երկայնքով լարուածութիւն է, ներքաղաքական դաշտին վրայ երկրորդական հարցերու քննարկում է։ Այս պարագային Սփիւռքը ի՞նչ խնդիրներ կրնայ յառաջադրել, ի՞նչ դերակատարում կրնայ ունենալ: Սփիւռքը կրնայ իշխանութեան լծակ հանդիսանալ Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելու առաջին պայմանով․ այն է, որ հայկական պետութիւնը նպաստէ քաղաքական ցանցերու կառուցման եւ լոպիինկի աւելի համակարգուած եւ արդիւնաւէտ կազմակերպումին, որ պիտի աշխատի մէկ նոր կառոյց ստեղծել՝ ամրապնդելու համար հայկական ինքնութիւնը աշխարհին մէջ: Փաստ է, որ որեւէ փոփոխութիւն, բարեփոխում, որ պէտք է յաջողի Սփիւռքի մէջ, պէտք է սկսի Հայաստանէն: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ ամբողջ աշխարհի հայ վերնախաւը կարենայ տարբերութիւն դնել «մայր հայրենիք» հասկացութեան, որ աւելի ու աւելի վերացական է, եւ «ազգային պետութիւն» հասկացութեան միջեւ, ինչը կը նշանակէ ընդհանուր շահեր եւ ներառական քաղաքացիութեան ձեւաւորում: Ցաւօք, պետութեան գաղափարը դեռ կը բացակայի հայ քաղաքական մտքէն: Նայեցէ՛ք Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ բանավէճերու մակարդակով առաջարկուող անհանգստացուցիչ տեսարանին եւ նայեցէ՛ք Ազրպէյճանին. սա երկիր է՝ առանց պատմական եւ քաղաքակրթական յստակ խարիսխի, առանց ազգային անձի, բայց ի տարբերութիւն Հայաստանի՝ ազրպէյճանական վերնախաւը, որքան ալ որ բռնակալական է, ունի պետականութեան զգացում, եւ այդ, իմ կարծիքովս, անոնց հզօրութեան մեծ մասն է:

- Իսկ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա մենք չենք յաջողած կառուցել ազգային պետութեան գիտակցութեան վրայ խարսխուած երկիր, ո՞ւր եղած են սխալները:

- Հայերը դարեր շարունակ եղած են գերազանց ծառաներ օտարերկրեայ վարպետներու համար, աւանդաբար աւելի անկաշկանդ են բազմազգ պետութիւններու մէջ, անոնց համար դժուար է յարմարիլ ազգային պետութեան կաղապարին։

Պետութեան գաղափարը, անկասկած, համեմատաբար կը բացակայի հայ քաղաքական մտքին մէջ: Սա Կիլիկիոյ մէջ Հայաստանի թագաւորութեան 1375 թուականի անկումէն ի վեր պատմութեան արդիւնքն է: 1918-ին հայկական վերնախաւը ընդհանրապէս պատրաստ չէր այս նախագիծին: 1991-ին անկախութիւնը վախցուց Սփիւռքի քաղաքական ուժերը, որոնք վախնային, որ բանթուրքիզմը կը սպառնայ իր ռուս պաշտպանէն զրկուած Հայաստանի գոյութեան: Ցաւօք, 1991-էն ետք Հայաստանի յաջորդական ղեկավարները կառուցած են աւելի շատ վարչակարգեր, քան հզօր հիմնարկներ եւ ներառական քաղաքացիութիւն ունեցող պետութիւն: Ընդհանրապէս, հայ տիրակալները թոյլ տուին երկու սխալ՝ «վարչակարգը» «պետութեան» հետ շփոթելու սխալը: Օրինակ՝ վերնախաւի ներկայացուցիչները կ'ընտրեն ոչ թէ տաղանդը, այլ հաւատարմութիւնը: Երկրորդ սխալը այն է, որ Սփիւռքի ներկայացուցիչները միտումնաւոր բացառած են երկրի վարչական ապարատէն եւ քաղաքական կեանքէն՝ մի քանի բացառութիւններով: Սփիւռքի հսկայական ներուժը չէ օգտագործուած, հսկայական վատնում է այդ:

- 44-օրեայ պատրեազմէն ետք ակնյայտ է, որ Սփիւռքի մէջ ընդհանուր առմամբ հիասթափութիւն է։ Սա նոյնիսկ կ'արտացոլուի բարեգործական անհատական նախաձեռնութիւններու մէջ: Սփիւռքի մէջ ի՞նչ սպասումներ կան Հայաստանէն, ի՞նչ պէտք է ընէ Հայաստան՝ յարաբերութիւններուն նոր որակ ստեղծելու համար:

- Պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու տիպը այլեւս չի գործեր: Ան բաւականին հին է: Դուք չէք կրնար առողջ յարաբերութիւններ կառուցել օժանդակութեան եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան յիշողութեան, վերացական ազգայնականութեան եւ իրականութեան զգացումի բացակայութեան հիման վրայ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերը նոյն խնդիրը ունին. անոնք կը դժուարանան պատկերացնել աշխարհը այնպիսին, ինչպիսին կայ, եւ կը նախընտրեն փախչիլ իրականէն՝ պատրանքներ պահելով: Կը կարծեմ, որ հայկական վերնախաւի ներկայացուցիչները պէտք է մտածողութեան յեղափոխութիւն ընեն՝ Սփիւռքի հայերը դրդելով ամրապնդելու այս պետութիւնը: Ինչո՞ւ Սփիւռքի «նախարարութիւնը» չվերածել հայրենադարձութեան գործակալութեան: Ինչու՞ հնացած հայկական հիմնադրամը չդարձնել զարգացման դրամատան: Եթէ Երեւանը պէտք է ըլլայ հայկական աշխարհի հիմնական հանգոյցը, անհրաժեշտ է նշանակալի տեղ յատկացնել Սփիւռքի գործադիրներուն՝ անոնց տալով օրինականութիւն: Սա կրնայ ըլլալ ծերակոյտ կազմելու ձեւով: Այլ կերպ ըսած՝ եթէ մենք կ'ուզենք մնալ քարտէզին վրայ, պէտք է «սփիւռքացնենք» Հայաստանը:

Իւրաքանչիւր համայնք ունի պատմական պատասխանատուութիւն՝ ռազմավարականօրէն մեծ ներդրումներ կատարելու այս երկրին մէջ: Ֆրանսահայերը պարտաւոր են նպաստելու Ֆրանքոֆոնիոյ զարգացման եւ օգնելու «Հայկական փափուկ ուժ» հիմնելու ուղղութեամբ: Մերձաւոր Արեւելքի հայերը իրենց հմտութիւնը կը բերեն գործարարական, արհեստներու եւ ծառայութեանց, իսկ ամերիկահայերը ձեռնարկատիրութեան աշխարհին եւ այսպէս շարունակ: Իւրաքանչիւր ոք իր դերը ունի ազգի ընդհանուր բարօրութեան մէջ, բայց պէտք է նաեւ գիտակցիլ, որ այս բոլորին հիմքը հայկական պետութիւնն է:

- Այսօր կը տեսնէ՞ք այդ գիտակցումը:

- Հայ դիւանագէտները, հայ զինուորականները, որոնք իրենց երկրին կը ծառայեն արհեստավարժօրէն եւ նուիրումով, ունին պետութեան զգացում: Բայց նոյնը չեմ կրնար ըսել քաղաքական դասին մասին, որ շատ յաճախ հակուած է շփոթելու անհատական եւ ընդհանուր շահը: Հայաստան չի կրնար ունենալ կաշառակեր կամ ոչ-բաղադրիչ վերնախաւի օժտելու շքեղութիւն, որ, ի դէպ, սպառած է երկրի կենսական ուժը. ուժ, որ կը նախընտրէ ընդգծել տաղանդի նկատմամբ կոյր հաւատարմութիւնը: Սա ազգային անվտանգութեան խնդիր է:

https://hetq.am/hy/article/134634

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *