ԶԱՐԹՕՆՔ 2

Շարունակութիւն «Զարթօնք1»-ի

Ինչպէս մարդկային ուղեղը, մեր ազգը ունի երկու կիսագունդեր՝ հայրենիք եւ Սփիւռք: Մինչ հայրենիքը ունի կառավարութիւն,– կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է իշխանութեան ղեկին,– Սփիւռքի՝ որպէս «մտածող միաւորի» առկայութիւնը անհրաժեշտ է իր եւ ազգի գոյատեւման համար:

DiasporArm-ի առաքելութիւնն է կամուրջ հանդիսանալ Սփիւռքի՝ համայնքներու, նոյն արժէքներն ու նպատակները բաժնող տարբեր կազմակերպութիւններու, խումբերու եւ անհատներու միջեւ՝ նպատակ ունենալով ստեղծել գործակցութեան հնարաւորութիւններ: Նպատակները հիմնականօրէն տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային են: Ան զերծ կը մնայ քաղաքական ու կրօնական արեւելումէ:

Ստորեւ ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ, առաջին հերթին սահմանադրութիւնը գործող ուժի (Task Force), որ պիտի առաջադրէ օրակարգ եւ նիւթերու ստորակարգութիւն մը:

Ա. Կառուցուածք

1. Ղեկավարութիւն

DiasporArm-ը հրաւիրած է յաջողակ ձեռներէցներ, տնտեսագէտներ, քաղաքագէտներ, կրթիչներ եւ մտաւորականներ, բոլորը անկախ մտածողներ, տեսլական ու ռազմավարութիւն ունեցող մարդիկ՝ հիմնելու կլոր սեղանի խումբ մը, որու կարեւորութիւնը լսելի պիտի դարձնէ հաւաքականութեան ձայնը Սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ: Կլոր սեղանը պիտի սահմանէ օրակարգ մը եւ քննարկէ ազգային հրատապ հարցերը:

2. Համայնքներու ստեղծում եւ կամրջում

DiasporArm-ը կամուրջ կը հանդիսանայ Սփիւռքի համայնքային ոչ հատուածական խորհուրդներուն միջեւ՝ ստեղծելու ստորակարգութիւն մը՝ միաւորելով փորձն ու մեթոդաբանութիւնը, եւ ձեռք բերելու լծակներ՝ ունենալով համաշխարհային տարողութիւն: DiasporArm-ը կը նպաստէ այսօրինակ խորհուրդներու ձեւաւորման՝ այն երկիրներուն մէջ, ուր բաց կայ: DiasporArm-ը նպատակ ունի միաւորելու տարբեր ինքնավար համայնքներու աւագանիները:

3. Հայկական կազմակերպութիւններու կամրջում

DiasporArm-ը կը հրաւիրէ ընկերային, կրթական ու մշակութային նպատակներ ունեցող հայկական կազմակերպութիւններն ու լրատուամիջոցները, ինչպիսիք են՝ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Ապագայ հայկականը, Էորնէքեանը, Թիւֆենքեանը, ՀԲԸՄ-ը, Տաշիր հիմնադրամը, ՔՈԱՖ-ը, ինչպէս նաեւ տարբեր լրատուամիջոցներ՝ միաւորելու իրենց ներուժը եւ փորձը եւ գործակցելու, երբ անհրաժեշտ է:

Բ. Ցանցերը

1. Հայ ուսանողներու ցանց (ՀՈՑ)

DiasporArm-ի նախաձեռնած Հայ ուսանողներու ցանցը (ՀՈՑ) կը կամրջէ հայ ուսանողները ամբողջ աշխարհին մէջ՝ գործելով ցանցային երեք շերտերու վրայ. ուսանողներ, կրթիչներ եւ ձեռնարկատէրեր: Կրթիչները կ'ուղղորդեն, կը կողմնորոշեն ուսանողները եւ անոնց կը ներկայացնեն տարբեր դրամաշնորհներ, կրթանպաստներ, կրթաթոշակներ եւ այլն: Միւս կողմէ՝ ձեռնարկատէրերը կը կողմնորոշեն զանոնք մասնագիտութեան առումով, կ'առաջարկեն կիսադրոյք աշխատանք, փորձուսում, կը հովանաւորեն ծրագիրներ եւ կ'որսան տաղանդներ իրենց ձեռնարկութիւններուն համար (տե՛ս այստեղ):

2. Առեւտրական ու մասնագիտական ցանցեր

DiasporArm-ը որպէս կամուրջ կը գործէ տարբեր երկիրներու մէջ գործող առեւտրական ընկերութիւններու միջեւ եւ կը խրախուսէ նման ընկերութիւններու ստեղծումը, հոն ուր անոնք կը բացակային:

Գ. Աշխատանքային խումբեր

DiasporArm-ը կը նախատեսէ Սփիւռքի աշխատանքային անկախ խումբերու/յանձնաժողովներու ստեղծումը՝ իրենց համապատասխան առաքելութիւններով.

1. Տնտեսական

Նպաստել հայութեան եւ Հայաստանի տնտեսական շահերուն ու տնտեսական զարգացման:

2. Կրթական յանձնաժողով

- պատրաստել վերնախաւ սերունդ մը, հասարակութեան յաջողակ եւ ազդեցիկ անդամներ,

- հաղորդակցիլ, կրթել ու ոգեշնչել՝ մեր ժառանգութիւնն ու հայրենիքը հպարտութեան առարկայ դարձնելու համար,

-հասնիլ սփիւռքահայ դպրոցահասակ երեխաներու ճնշող մեծամասնութեան, որ հասանելիութիւն չունի հայկական դպրոցներու,

- Աջակցիլ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն:

3. Իրաւաբանական խորհրդատու

Աջակցութիւն ցուցաբերել ՀՀ-ին՝ միջազգային դատական գործերու մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական հաստատութիւններուն:

4. Դիւանագիտական ու ռազմավարական նախաձեռնութիւններ

ա. Լոպիինկ

Միաւորել Սփիւռքի ներուժը, փորձն ու լոպիիստական ուժը՝ ազդելու օտարերկրեայ կառավարութիւններու եւ համաշխարհային հիմնարկներու վրայ՝ ՀՀ-ին աջակցելու նպատակով:

բ. Ռազմավարական նախաձեռնութիւններ

Իրականացնել ռազմավարական հետազօտութիւններ եւ ծրագրել Սփիւռքի՝ բազմաթիւ խնդիրներ ունեցող համայնքներու ապագան, ապահովել անոնց բարեկեցութիւնը եւ մեր հաստատութիւններուն համախմբումը:

5. Ընկերային աջակցութիւն

Աջակցութիւն ցուցաբերել հայրենիքի եւ Սփիւռքի համայնքներուն եւ ընտանիքներուն:

Դ. ՀՀ-ի կառավարութեան աջակցիլ

Հայաստանի պետութեան ամրապնդման մտահոգութեամբ՝ Սփիւռքը լիազօր դարձնել տարբեր ոլորտներու մէջ: Սփիւռք-հայրենիքը կապը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար էական է Սփիւռքի իրաւասու խորհուրդի ձեւաւորումը (տե՛ս այստեղ):

1. Ղեկավարութիւն

Նուիրատուներ եւ հոգաբարձուներու խորհուրդ

Կառոյցը պիտի հիմնեն նուիրատուները, որոնք պիտի հոգան գործառնական ծախսերը եւ ընտրեն հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ եօթը հոգիէ բաղկացած:

Խորհրդատուական խորհուրդ

Խորհուրդի կազմը բաղկացած պիտի ըլլայ եօթը հոգաբարձուներէ եւ հրաւիրեալ ութ իրաւասու քաղաքագէտներէ, կրթիչներէ, տնտեսագէտներէ: Խորհրդատուական խորհուրդը գործառոյթը պիտի ըլլայ՝

- սահմանել/հաստատել DiasporArm-ի կանոնադրութիւնը,

- Առաջարկել Սփիւռքի եւ ընդհանրապէս մեր ազգի կարեւոր ու հրատապ խնդիրներու օրակարգ մը,

- Առաջարկել գործադիր խորհուրդի եւ ենթայանձնաժողովներու տնօրէններ տարբեր ոլորտներու կամ նախագիծերու մէջ (իրաւաբանական, կրթական, տեսական եւ այլն):

Գործադիր խորհուրդ եւ ենթայանձնաժողովներ

Գործադիր մարմինը պատասխանատու պիտի ըլլայ խորհուրդի մշակած տարբեր ծրագիրները իրականացնելու: Ան պիտի ճիւղաւորուի մասնագիտացուած միջազգային կոմիտէներէն ներս՝ հետեւեալ ոլորտներուն մէջ.

- Տնտեսութիւն

- Կրթութիւն

- ԶԼՄ-ներ եւ հաղորդակցութիւն

- Գիտութիւն

- Առողջապահութիւն

- Ընկերային ապահովութիւն

- Օրէնք

- Մշակոյթ

-Միջազգային յարաբերութիւններ (պետութիւններու եւ համաշխարհային կազմակերպութիւններու հետ)

Վերոնշեալ ոլորտներէն շատերուն մէջ DiasporArm-ի դերը պիտի ըլլայ համակարգել տարբեր ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը՝ նպատակ ունենալով ստեղծելու գործակցութեան ցանկալի դաշտ մը: Ան պիտի սատարէ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեանց՝ առանց անոնց նիւթական կամ կազմակերպչական գործունէութեան մէջ ընդգրկուելու:

2. Համայնքներու ստեղծում եւ կամրջում

Հայկական Սփիւռքը կարիք ունի համախմբող կառոյցներու, որոնք պէտք է զբաղին համայնքներու կրթական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային կեանքով:

Որպէս օրինակ կարելի է բերել Ֆրանսայի Չինական Ուենչժու նահանգի համայնքը, որ ունի ընկերային անգիր աւանդոյթ մը, ըստ որուն՝ համայնքի երէցները կ'աջակցին տեղի երիտասարդներուն՝ անոնց տրամադրելով 100 000 եւրօ՝ առանց տոկոսի եւ վճարաժամկէտի՝ այսպիսով օգնելով անոնց՝ պիզնես հիմնելու: Ֆրանսայի մէջ մօտաւորապէս 40 000 պիզնես հիմնուած է Ուենչժուի երիտասարդներուն կողմէ, որոնք օգտուած են 10 միլիառ եւրօ այսօրինակ վարկերէ (տե՛ս զեկոյցը այստեղ՝ ֆրանսերէն):

Համայնքային մէկ ալ մենանիշ, որով մենք պէտք է չափենք մեր կատարողականութիւնը, Ֆրանսայի հրէական ընկերային միացեալ հիմնադրամն է (ՖՀԸՄՀ): Վերջինիս տարեկան պիւտճէն 2017-ի 24 մլն եւրոյէն բարձրացած է 60 մլն եւրոյի՝ 2020-ին, մինչդեռ Ֆրանսայի հայ համայնքը ներկայացնող հիմնական կազմակերպութիւնը չունի համապատասխան հնարաւորութիւններ կամ պիւտճէ:

Մենք կրնանք ոգեշնչուիլ հրէական համայնքէն, դրամահաւաքի անոր մեթոտներէն, ընկերային աշխատանքէն, ժողովրդավարական կառավարումէն եւ թափանցիկութենէն:

DiasporArm-ը նպատակ ունի քաջալերել մեր համայնքներուն մէջ համախմբող կառոյցներու ստեղծման, ուր նուիրատուները իրենց խօսքը ունին, հաշիւները թափանցիկ են, իսկ ստացողները՝ պատասխանատու:

3. Հայկական կազմակերպութիւններու կամրջում

Հայկական անկախ կազմակերպութիւններու գործակցութիւնը որոշ պարագաներու կրնայ նպատակայարմար ըլլալ, իսկ ուրիշ պարագաներու՝ անհրաժեշտ:

ա. Նպատակայարմար

Կազմակերպութիւնները կրնան գործակցիլ՝ համաշխարհային կառոյցներէ ֆինանսաւորում ստանալու համար, ինչպիսիք են՝ ԵՄ-ը, ԱՄՆ-ը, Համաշխարհային դրամատունը: Անոնք արհեստավարժ գործակալութիւններու օգնութեամբ կը պատրաստեն փաստաթուղթեր, եւ իւրաքանչիւրը զանոնք կ'օգտագործէ իր կապերով:

Նման նախագիծ կրնայ ըլլալ ԵՄ բնապահպանական ծրագիրին եւ ուրիշ համաշխարհային առաջատար կառոյցներու կողմէ Արագածի անձրեւային անտառներով ծածկումը:

բ. Անհրաժեշտ

Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու մեծ մասը կը ղեկավարեն խումբեր, ինչպիսիք են՝ ԱՀԱԸ-ը, Կյուլպենկյանը, Համազգայինը, Հայկազեան համալսարանը, ՀԲԸՄ-ը, ՀՎՀ-ը, Մեսրոպեանը:

Վերոնշեալ հաստատութեանց գործակցութիւնը անհրաժեշտ է՝ ուսումնական միացեալ ծրագիր, ուսուցիչներու վերապատրաստում, դպրոցներու կառավարման նախատիպ ունենալու, մասնաւորապէս հայկական դպրոցներու հասանելիութիւն չունեցող երեխաներուն առցանց կրթական ծրագիր մշակելու, կրթիչներ հաւաքագրելու եւ վերապատրաստելու համար, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, դաստիարակեն, խրախուսեն եւ կողմնորոշեն դպրոցականներն ու համալսարանականները:

Շարունակելի...

Յովէլ Շնորհօքեան

2 Յունուար 2022

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *