Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն 34 տարի անց

Դեկտեմբեր 7-ին կը լրանայ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին 34-րդ տարելիցը։ Երկրաշարժը հարուածած էր Հայաստանի տարածքին 40 տոկոսը, որ ունէր խիտ՝ 1 միլիոն բնակչութիւն։
Ամբողջովին կամ մասամբ աւերուեցան Սպիտակ, Գիւմրի, Վանաձոր եւ Ստեփանաւան քաղաքներն ու հարիւրաւոր գիւղեր։ Զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, 500 հազար մարդ ալ մնաց անտունի։ Աւերուեցաւ շէնքերուն 17 տոկոսը, դադրեցաւ 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու աշխատանքը։
Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբուեցաւ եւ համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերեց Հայրենիքին։ Ստեղծուեցան «Սոս Արմենիա», «Ազնաւուրը յանուն Հայաստանի» եւ տասնեակ այլ կազմակերպութիւններ։ Բազմաթիւ սփիւռքահայեր փութացին Հայաստան՝ իրենց հետ բերելով սնունդ, հագուստ, եւ դեղորայք։
Անոնցմէ շատերը՝ բժիշկներ, հոգեբաններ, շինարարներ, ճարտարապետներ, Հայաստան մնացին եւ անձամբ մասնակցեցան փրկարարական աշխատանքներուն։
Աշխարհի շարք մը երկրներ, երկրաշարժէն տարիներ անց, շարունակեցին աջակցիլ Հայաստանին։ Իտալացիները Սպիտակի մէջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին, իսկ նորուեկացիները՝ մեծ մարդասէր Ֆ. Նանսէնի անուան հիւանդանոցը։
Գիւմրիի մէջ բացուեցաւ անգլիացիներուն կառուցած դպրոցը, բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Մարգարիտ Թաչէրը։

https://en.armradio.am/2022/12/07/34-years-after-the-devastating-earthquake-in-spitak/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *