Արցախի Մարտակերտ քաղաքին մէջ բացուած է «Արմաթ» օդային փոխադրութեան ճարտարագիտական աշխատանոցը

Արցախի Մարտակերտ քաղաքին մէջ բացուած «Արմաթ» օդային փոխադրութեան ճարտարագիտական աշխատանոցը կը սորվեցնէ 14 տարեկանէն բարձր աշակերտներուն՝ քաղաքացիական անօդաչու թռչող սարքեր ստեղծել եւ կառավարել: «Արմաթ» օդային փոխադրութեան աշխատանոցը «Հայաստանի յառաջադէմ արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու միութեան» նախագիծն է, որ մեկնարկած է Ֆրանսայի «Մարսիլիոյ յառաջատար արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» հետ համատեղ:
Մարտակերտի կրթութեան եւ մշակոյթի բաժանմունքի տնօրէն Դաւիթ Լալայեանը իր համոզմունքը յայտնած է, որ աշխատանոցին շնորհիւ աշակերտները պիտի կարենան զարգացնել իրենց հմտութիւնները՝ յառաջադէմ արհեստագիտութեանց ոլորտէն ներս։ Ծրագրի ղեկավար Սեդրաք Վարդանեանը նշած է. «Վստահ եմ, որ ուսումնական գործընթացին մէջ պիտի ներգրաւուին տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք արագօրէն պիտի տիրապետեն արհեստագիտական հմտութիւններուն եւ ձեւաւորեն ճշգրիտ մասնագիտական ​​վճռականութիւն։ Ինչպէս նաեւ աւելի կատարելագործելով իրենց գիտելիքները՝ անոնք պիտի զարգանան եւ դառնան հմուտ փորձագէտներ, որոնց կարիքը ունի երկրին տնտեսութիւնը: Անոնք կարեւոր դեր պիտի ունենան գիտութեան մէջ, յաջողութիւններ պիտի ունենան պաշտպանական ոլորտէն ներս եւ պիտի նպաստեն Արցախի անվտանգութեան»։ Ան յաւելած է, որ շուտով նմանօրինակ ճարտարագիտական դպրոցներ պիտի բացուին Հանրապետութեան բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ։
Մարտակերտի դպրոցը բացուած է անօդաչու սարքերու փորձնական թռիչքներ իրականացնող աշակերտներուն մասնակցութեամբ՝ խորհրդանշելով երկինքը խաղաղ եւ անվտանգ պահելու իրենց պատրաստակամութիւնը։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *