Հայաստանը արդիւնքներ կը խոստանայ Հնդկաստանի հետ պաշտպանական եւ առեւտրային համագործակցութենէն

Վերջերս, Հայաստանն ու Հնդկաստանը մեծ ճիգեր կը թափեն երկկողմ համագործակցութիւնը զարգացնելու առանցքային ոլորտներէ ներս, ինչպիսին են՝ պաշտպանութիւնը եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, միջազգային հաղորդակցութիւնները, փոխադրամիջոցներն ու զբօսաշրջութիւնը, ըսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը՝ նոյեմբեր 28-ին, «Հայաստան-Հնդկաստան. հազարամեայ յարաբերութիւններու նոր խթաններ» խորագրով համաժողովին ընթացքին:
Միջոցառումը կազմակերպուած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ՝ երկու երկրներու յարաբերութեանց 30-ամեակին առթիւ։
Սաֆարեանը նշեց, որ Հնդկաստանի հետ համագործակցութեան ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է։
Սաֆարեանի խօսքով՝ ի լրումն երկկողմ ձեւաչափերուն, երկու երկրները աշխուժօրէն կը համագործակցին միջազգային հարթակներու վրայ։ Նշենք նաեւ, որ վերջերս կազմակերպուած են մի քանի գործարարական գիտաժողովներ եւ նախաձեռնուած են համատեղ նոր նախագծեր։
Աւելի ուշ, Սաֆարեանը լրագրողներուն խոստացաւ հրապարակել պաշտպանական, առեւտրային եւ հաղորդակցութեան ոլորտներէն ներս արձանագրուած շօշափելի արդիւնքները:
Վերջերս, Հնդկաստանէն ստացուած հաղորդագրութիւնները բացայայտած էին, որ երկիրը ստորագրած է արկերու, հրթիռներու եւ զինամթերքի՝ Հայաստան արտահանման մասին կարեւոր հրաման մը՝ Հայաստանի տարածքին դէմ Ատրպէճանի վերջին յարձակումէն ետք: Թէեւ պայմանագիրներուն արժէքը տակաւին յայտնի չէ, սակայն կ’ենթադրուի, որ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանին պիտի մատակարարուի աւելի քան 20 միլիառ ռուփի (մօտաւորապէս 244 միլիոն տոլար) արժողութեամբ զինամթերք:

https://www.panarmenian.net/eng/news/303984/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *