Հայկական համագումարը եւ «ՏիասփորԱրմ»-ը գործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են

Սեպտեմբեր 2022
Երեւան, Հայաստան - Փարիզ, Ֆրանսա

Ուրախ ենք յայտարարելու «ՏիասփորԱրմ» եւ Հայկական համագումարին միջեւ գործակցութեան մեկնարկին մասին

Երկու հասարակական կազմակերպութիւնները ստորագրած են գործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն դրսեւորելով ամրապնդելու Սփիւռքը, վերափոխելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ պահպանելու հայկական ժառանգութիւնն ու զարգացնելու Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները:

«ՏիասփորԱրմ»-ը ֆրանսական ոչ-շահադիտական միութիւն է, որուն նպատակն է Սփիւռքի առկայ ոչ-գործուն, սակայն նշանակալից ներուժը բացայայտել եւ ի գործ դնել, ստեղծել կապեր ու կամուրջներ Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ:

«ՏիասփորԱրմ»-ը գործակցութեան պայմանագիրեր հաստատած է համանքային ոչ-կուսակցական կազմակերպութիւններու հետ՝ նպատակ ունենալով օգտուելու ձեռք ձգուած փորձառութիւններէն ու որդեգրուած աշխատելաձեւէն, ձեռք բերելու լծակներ՝ դառնալով համաշխարհային, եւ Սփիւռքը ձայնը լսելի դարձնելու, իսկ անոր ներուժը՝ օգտագործելի՝ հայրենիքի մէջ:

Հայկական համագումարը ոչ-շահադիտական կազմակերպութիւն է, որ կ'աջակցի մշակութային, ճանապարհորդական, կրթական, ՏԱ եւ այլ նախաձեռնութիւններու՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ: Կազմակերպութիւնը կը միաւորէ աշխարհի նշանաւոր հայերը՝ նպատակ ունենալով պահպանելու ազգային ինքնութիւնն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ խթանելու ընկերային ձեռնարկատիրական նախաձեռնութիւնները, որոնք դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան հայկական աշխարհին վրայ:

Հիմնադրութենէն ի վեր հասարակական կազմակերպութիւնը յաջողութեամբ մեկնարկած ու աջակցած է աւելի քան 35 նախաձեռնութիւններու՝ տարբեր ոլորտներու մէջ, որոնց նպատակն է համախմբել հայ ազգը: Այդ ծրագիրներու շարքին են՝ «Armenia Guide» ճանապարհորդութեան ու ապրելակերպի հարթակը, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միասնական կայքէջի մշակումը, «Հայկական մշակութային օրեր» կազմակերպումը Մոսկուայի մէջ (Յունիս, 2019), «Արմոնիա» կրթական հարթակը, հիւպատոսական բաժանմունքի, Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան վերակառուցումը՝ ի պատիւ Լազարեւ ընտանիքի 300-ամեակին, տուտուկի դասընթացի բացումը Մոսկուայի Կնեսին պետական գոլէճին մէջ: Թուելու համար մի քանին:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *