Հայ-լիթուանական Գլխաւոր դատախազութիւնները պիտի աշխուժացնեն իրենց համագործակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը յայտնեց, որ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազի տեղակալ Անահիտ Մանասեանը նոյեմբեր 24-ին հանդիպած է Լիթուանիոյ Գլխաւոր դատախազ Նիտա Կունսքիենէի հետ եւ անոր հետ քննարկած է երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր։
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լիթուանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Իկիթեանը։
Կողմերը քննարկած են երկու երկրներու դատախազներու կրթութեան եւ անաչառութեան՝ մշտական ​​ամրապնդման ուղղուած համատեղ դասընթացներու եւ միջոցառումներու իրականացման հեռանկարները։
Անահիտ Մանասեանը ըսած է, որ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը սկսած է կառոյցի զարգացման ռազմավարական գործընթացը՝ այս առումով կարեւորելով լիթուանական փորձը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ դատախազութիւն-լրատուամիջոցներ, դատախազութիւն-հասարակութիւն կապի խնդիրներուն եւ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան հնարաւորութեանց։

https://armenpress.am/eng/news/1098151.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *