Գալիֆորնիա քոյր-նահանգային յարաբերութիւններ կը հաստատէ Սիւնիքի մարզի հետ

10 Փետրուար 2022-ին Գալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը Հայ դատի ԱՄՆ արեւմտեան ափի յանձնախումբի ջանքերով ընդունեց բանաձեւ մը, որ քոյր-նահանգային յարաբերութիւններ կը հաստատէ Գալիֆորնիոյ նահանգի եւ Սիւնիքի մարզի միջեւ: Բանաձեւը համահեղինակած են յանձնախումբի 15 անդամ, այդ կարգին՝ Ատրին Նազարեան եւ Գալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի 62 անդամ:
Ընդունուած բանաձեւով Գալիֆորնիա համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի ամենահարաւային՝ Սիւնիքի մարզին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել կրթական, տնտեսական ու մշակութային շահաւէտ փոխանակումներ:
«Նման վտանգաւոր ժամանակի, երբ Սիւնիքի ինքնիշխանութիւնը մեծ վտանգի տակ է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լուրջ սպառնալիքներուն դիմաց, Գալիֆորնիոյ նահանգի այս յանդուգն քայլով համերաշխութիւն հռչակագիր է, որ իր հերթին կ'օգնէ Հայաստանի ժողովուրդին՝ ամուր կանգնելու տարածաշրջանի ազրպէյճանցի եւ թուրք դերակատարներուն սպառնալիքներուն առջեւ»,- ընդգծեց Հայ դատի ԱՄՆ արեւմտեան ափի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան:
Սիւնիք կը գտնուին հայկական Սթոունհենճը՝ Քարահունջը, որ գոյութիւն ունի դեռ պրոնզէ դարէն, Ուղտասար լերան ժայռապատկերները, որոնք 7 000 տարեկան են, 9-րդ դարու Տաթեւի վանքը, որ ծառայած է որպէս դպրոցական ու հոգեւոր գործունէութեան կեդրոն: Մարզի ամենաբնակեցուած քաղաքը մայրաքաղաք Կապանն է՝ 43 000 բնակիչով:

https://armenianweekly.com/2022/02/10/california-establishes-sister-state-relationship-with-province-of-syunik/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *