Ամարասի վանքը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղին մէջ (Արցախի պատմական Հաբանդ գաւառը): Ըստ պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի՝ վանական համալիրին առաջին եկեղեցին հիմնադրած է Գրիգոր Լուսաւորիչը, իսկ կառուցումը աւարտած է թոռը՝ Գրիգորիս եպիսկոպոսը, ով սպանուած է 338 թուականին եւ թաղուած է նոյնինքն Ամարասի մէջ։
5-րդ դարուն սկիզբը, հայոց գիրերը ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցը Ամարասի մէջ առաջին հայկական դպրոցը բացաւ, որպէսզի հայոց լեզուն տարածելու խթան հանդիսանայ։ Այդ ժամանակներէն սկսեալ Ամարասը դարձաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ կրօնական եւ մշակութային կեդրոններէն մին։
Ամարասի վանքը, ի շարս այլ պատմական յուշարձաններու, բազմիցս տուժած են Արցախեան պատերազմի ժամանակ՝ ատրպէճանական հրետանիի ռմբակոծութենէն։ Երբ ատրպէճանական զօրքերը մտած են վանք, քանդած են Սուրբ Գրիգորիսի կամարակապ գերեզմանոցը։ Որոշ ժամանակ անց, հայերը կրկին գրաւած են վանքը եւ յետագային վերականգնած են զայն։
Արցախի խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական ճգնաժամի ենթարկելէ ետք, հակառակորդը սեպտեմբեր 19-ին յարձակած է Արցախի վրայ՝ ի վերջոյ գրաւելով Ամարասի վանքը։