Հաստատել Սփիւռք-Հայաստան երկխօսութիւն

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքները կրնան ճակատագրական ըլլալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համար: Պարտութիւնը շրջանցելու առումով Սփիւռքը անկարող է կիրարկելու իր քաղաքական կշիռը՝ աչքի առաջ ունենալով Հայաստանի պետութեան եւ ռազմավարական գործընկերներուն, այս պարագային՝ Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը: Այս մասին ըսած է Զուիցերիա-Հայաստան միութեան (ԶՀՄ) պատուաւոր նախագահ Սարգիս Շահինեան:

Պարոն Շահինեան կ'ակնարկէ Սփիւռքահայերու կլոր սեղանին (ՍԿՍ), որ տեղի ունեցաւ 18-19 Յունիսին Փարիզի մէջ, որ նպատակ կը հետապնդէ հիմնելու քաղաքական չէզոք մարմին մը, որ կը զարգացնէ վերոյիշեալ երկխօսութիւնը եւ կը լուծէ մեր ազգային միւս հրատապ հարցերը: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, ուր իւրաքանչիւր մասնակից կը ներկայացնէր բացառապէս ինքզինք, նախապատուութիւն տրուեցաւ երկու կէտի. Սփիւռքի մասնակցութիւնը զգալի դարձնել վերոյիշեալ տիրոյթներուն մէջ եւ իրական երկխօսութիւն սկսիլ Հայաստանի պետութեան հետ՝ անկախ անկէ, թէ ո՛վ է կառավարութեան ղեկին:

Ամբողջական հարցազրոյցը կրնանք դիտել՝ հետեւելով այս յղումին՝

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *