Ֆրանսայի Ծերակոյտը միաձայն ընդունեցաւ Ատրպէճանի դէմ պատժամիջցներ կիրառելու բանաձեւը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը նոյեմբեր 15-ին 295 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով ընդունեցաւ Հայաստանին սատարող եւ Ատրպէճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւը։

Միջնորդութիւնը՝ մասամբ.

1. Կոչ ուղղուեցաւ Ատրպէճանի իշխանութան եւ իր դաշնակից ուժերուն՝ անյապաղ եւ անվերապահօրէն դուրս գալու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ Բերձորի միջանցքէն եւ տեղակայուելու իրենց սկզբնական դիրքերուն վրայ: Հայաստանի անվտանգութիւնն ու անփոփոխ կարգավիճակը պէտք է պահպանուի 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին կնքուած հրադադարի համաձայնագրի պայմաններուն համաձայն:
2. Կոչ ուղղուեցաւ՝ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու եւ հայրենադարձելու բոլոր հայ ռազմագերիները։
3. Կոչ ուղղուեցաւ Ֆրանսայի Կառավարութեան՝ մատնանշելու վերջին յարձակումներուն դիւանագիտական եւ տնտեսական հետեւանքները եւ եւրոպացի գործընկերներուն հետ դիտարկելու ամէնէն ծանր համապատասխան պատասխանները՝ ներառեալ Ատրպէճանի ղեկավարներու ունեցուածքի բռնագրաւումը եւ վառելանիւթի ու քարիւղի ներմուծման վրայ արգելիչ միջոցները` որպէս պատժամիջոց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ ատրպէճանական զինուժին իրականացուած ռազմական գործողութիւններուն։
4. Վերահաստատուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններու գործիք դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակաւ։
5. Կոչ ուղղուեցաւ Ֆրանսայի կառավարութեան՝ անվերապահօրէն աջակցելու Հայաստանին, մասնաւորաբար բարձրացնելով Հայաստանի պաշտպանունակութիւնը` անոր տարածքային ամբողջականութեան պահպանման նպատակաւ:

Բանաձեւը ներկայացուցուեցաւ ծերակուտականներ՝ Պրունօ Ռեթայոյի, Քրիստիան Քամպոնի, Էլիան Ասասիի, Փաթրիք Քանէրի, Էրվէ Մարսէյի եւ Ժիլպէր Լիւք Տեւինազի կողմէ։

Աղբիւրը՝ https://hetq.am/en/article/150202

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *