Լատանիւա. Բազմամշակութային երաժշտական խումբ մը

Լատանիւա երաժշտական բազմամշակութային խումբ է, որ կը ստեղծէ համաշխարհային երաժշտութիւն՝ հայկական ժողովրդական եւ ուրիշ աւանդական ձեւերու, ներառեալ՝ պալքանեան, արաբական ու ափրիկեան ազդեցութիւններով: Խումբի աշխատանքը կ'արտացոլէ Ժագլին Պաղտասարեանի հայկական ու պելառուսական ծագումով պայմանաւորուած բազմամշակութայնութիւնը: Ան Ֆրանսայի մէջ հանդիպեցաւ տաղանդաւոր բազմագործիք նուագող Լուիս Թոմասին, եւ անոնք միասին հիմնեցին Լատանիւա 2019 թուականին:

Խումբը «Վայ աման» երգով յայտնի դարձաւ քորոնաժահրի համաճարակի սկիզբը: Այս երգը ուրախութիւն տարածեց եւ պայծառացուց տնակալումի օրերը իր թարմ ոճով եւ համաշխարհային երաժշտութեան նոր մօտեցումով:

Լատանիւա արժանացաւ Եւրոպա «Music Moves Europe 2022» հանրային ընտրութեան մրցանակին: Ներկայիս անոնք շրջայց կը կատարեն Ֆրանսա, Պելճիքա եւ Փորթուկալ յառաջիկայ 22 համերգներով, որոնցմէ ամենամօտալուտը՝ Յունիս 25-ին՝ Ֆրանսայի Փամերի քաղաք:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

One Response

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *