Search
Close this search box.

254 մեկաուաթ հզօրութեամբ նոր ջրելեկտրակայան գործարկուած է Երեւանի մէջ

Երկուշաբթի «Արմփաուր» գերմանա-իտալական ընկերութիւնը, ի ներկայութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ներկայացուցած է Երեւանի մէջ կառուցուած ջրելեկտրակայանը, որ մաս կը կազմէ ՀՀ կառավարութեան հաստատած 270 միլիոն տոլար ծրագիրին: Կ'ակնկալուի, որ 254 մեկաուաթ հզօրութեամբ կայանը Հայաստանին հնարաւորութիւն տայ աւելի քիչ բնական կազ օգտագործելու ելեկտրականութեան արտադրութեան համար, ինչպէս նաեւ խթանէ օտարերկրեայ սեփականատիրութիւնը երկրի ուժանիւթի ոլորտին մէջ: «Արմփաուր» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը բաղկացած է գերմանական Սիմընզ խումբէն եւ երկու իտալական ընկերութիւններէ: Անոնցմէ մէկը՝ Ռենքօ, կը հանդիսանայ նախագիծի ճարտարագիտութեան, գնումներու եւ շինարարութեան հիմնական կապալառուն: Նոր ելեկտրակայանի աշխատանքները լրջօրէն սկսած են 2019 թուականի Յուլիսին, որմէ չորս ամիս առաջ «Արմփաուր»-ը մի քանի միջազգային վարկատուներէ, մասնաւորապէս Ուաշինկթըն գտնուող Միջազգային ելեւմտական ընկերութենէն աւելի քան 200 միլիոն տոլար վարկ եւ վարկերու երաշխիք ապահոված է: Ծրագիրին վրայ աշխատած է մօտ 1200 հոգի, եւ ստեղծուած է շուրջ 50 նոր աշխատատեղ: Ելեկտրականութիւնը, որ պիտի արտադրէ կայանը, կ'ըլլայ այն ամէնէն աժանը, որ կ'արտադրուի այս տեսակի ելեկտրակայաններու կողմէ:

Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Ազատութիւն»-ի կայքէջին մէջ՝

https://www.azatutyun.am/a/31585111.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *