Ոչ մէկ երկիր պէտք է աչք ունենայ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ, ըսաւ Իրանի դեսպանը

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանի հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ, որ ոչ մէկ երկիր պէտք է յաւակնութիւն ունենայ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին հանդէպ։
Հանդիպման ընթացքին, Աննա Վարդապետեանը բարձր գնահատեց երկու երկրներու իրաւապահ մարմիններուն համագործակցութիւնը, որ, անոր խօսքով, հիմնուած է դիւանագիտական յարաբերութեանց հարուստ փորձին վրայ, եւ վստահեցուց, որ անիկա պիտի ընդլայնի եւ նոր որակ պիտի ստանայ՝ հիմնուելով երկկողմ արդիւնաւէտ աշխատանքին վրայ։
Իրանի դեսպանը յաւելեց, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները առաջնահերթութիւն են, եւ որ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ 3000-ամեայ պատմամշակութային կապերը լաւ հիմք են յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու համար։
Կողմերը քննարկեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր, որոնք գլխաւորաբար կ’առնչուին բանտարկեալներու արտայանձնման, քրէական գործերով իրաւական աջակցութեան եւ այլնի հետ։

https://en.armradio.am/2022/11/22/no-country-should-have-any-aspiration-over-armenias-syunik/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *