Խաչատրեանի անուան 9-րդ միջազգային փառատօնը՝ Երեւանի մէջ

Դեկտեմբեր 14-էն 20 Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը Երեւանի մէջ կ'իրականացնէ Խաչատրեանի անուան 9-րդ միջազգային փառատօնը։ Փառատօնը այս տարի կը կրէ «Երեք ընկեր. Խաչատրեան, Բրոկոֆեւ, Շոստակովիչ» խորագիրը։ Փառատօնային չորս համերգներուն Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, կը ներկայացնէ 20-րդ դարու այս խոշորագոյն երգահաններուն ստեղծագործութիւնները: Փառատօնը կ'եզրափակուի «Սիմֆոնիկ ճազ» համերգային ծրագիրով, որուն ընթացքին կը հնչեն Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները ճազային գործիքաւորումով։ Նուագախումբէն կը տեղեկացնեն նաեւ, որ Խաչատրեանի անուան միջազգային փառատօնը 2021-ի Նոյեմբերին դարձած է Եւրոպական փառատօներու կազմակերպութեան անդամ։

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «News.am»-ի մէջ՝

https://news.am/eng/news/675532.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *